Լիբանան կանգնած է բաւականին բարդ դրութեան մը առջեւ։
Լրատուական ծառայութիւններու կողմէ տրուած տեղեկութիւններուն հիմամբ երկիրը կանգնած է ամբողջական «Լոք տաուն»ի ընտրանքին առջեւ, որուն շնորհիւ միայն կարելի պիտի ըլլայ վերահսկողութեան տակ առնել «Քորոնա»ի տարածումը։
Նշենք, որ հինգ ամսուան պայքարի արդիւնքով Լիբանան կարողացած էր զերծ մնալ «Քորոնա»ի համընդհանուր տարածումին առաջքը առնելու, իսկ անցնող օրերուն երկիրը դարձեալ մտած էր տագնապի նոր փուլ մը եւ օրեր առաջ գրանցուած էր «Քորոնա»ով վարակուած 174 պարագաներ։
Խնդիրն այն է, որ Լիբանանի պարագային ինչպէս նաեւ այս վարակէն ծանր հարուած ստացած տարբեր երկիրներու պէս իրական մտավախութիւնը միայն վարակը չէ, այլ մանաւանդ երկրի հիւանդանոցային համակարգին ամբողջական փլուզման մտավախութիւնը, բան մը, որ իրողապէս կրնայ քաոսային անդրադարձ ունենալ երկրին վրայ։
Նշենք, որ յառաջիկայ ժամերը բաւական կարեւոր են երկրին համար, որովհետեւ կառավարութեան հովանիով գործող «Քորոնա»ի շտապ- մարմինը արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ վճռելու համար երկրին մէջ ամբողջական «լոք տաուն» յայտարարելու խնդիրը։
Տնտեսական ոլորտի պատասխանատուներ իրենց կարգին լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտած են ըսելով, որ «Լոք տաուն» յայտարարելու պարագային առանց անոր ալ տնտեսական սուր անկումի մէջ յայտնուած Լիբանանը, կրնայ աղէտահար վիճակի մատնուիլ։