image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Հարաւի մէջ վար առնուած է «Տրոն» մը. Իսրայէլ կը հերքէ

Լիբանան. Հարաւի մէջ  վար առնուած է  «Տրոն» մը. Իսրայէլ կը  հերքէ

Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ իսրայէլեան բանակին պատկանոշ «տրոն» մը վար առնուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Լիպանոն տիպէյթ» կայքէն։

 

 Իր կարգին  իսրայէլեան բանակի բանբեր՝ Ավէխայ Ատրոհի  դվիթերեան իր էջով գրառում մը կատարեց եւ հերքեց եղածը։

 

 Ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ իսրայէլեան «տրոն»ին վրայ լիբանանեան կողմէն կրակ բացուած է, բայց եւ այնպէս  անօթաչու թռչող սարքը շարունակած է իր ընթացքը։

 

 Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթներուն  Իսրայէլ  խախտելով միջազգային բոլոր կանոնները մեծ թիւով «տրոններ» կ՚ուղարկէ դէպի Լիբանան։