Վերջին օրերուն կարեւոր զարգացումներ կը գրանցուին Հալէպի յատկապէս գիւղական հատուածներուն մէջ։
Երկար ժամանակէ ի վեր ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ եղող շրջաններ կ՚ազատագրուին եւ սուրիական բանակը կը շարունակէ հաստատակամ կերպով շարունակել իր երթը։
«Արեւելք»ի ունեցած վերջին տուեալներուն համաձայն, սուրիական բանակի ստորաբաժանումներ կարողացած են գերեվարել տասնեակ ահաբեկիչ զինեալներ, մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքի հարաւային շրջաններուն մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ «Խան թուման» շրջանի ազատագրումէն ետք բանակը իր արշաւը կը շարունակէ եւ նպատակ ունի ազատագրել «Մահրատա» գաւառակը։
Հալէպի մասին լուրեր տարածող էջեր կը հաղորդեն, որ այսօր երեկոյեան ժամերէն սկսեալ ծանր մարտեր կը մղուին Հալէպի հարաւային հատուածներուն մէջ եւ վերջին տուեալներուն համաձայն բանակը կը շարունակէ իր յաղթական երթը։