image

Բողոքի շարժում ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ. Պատճառը գիւղատնտեսական տասնեակ հաստիքներու կրճատումն է

Բողոքի շարժում ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ. Պատճառը գիւղատնտեսական տասնեակ հաստիքներու կրճատումն է

Տնտեսութեան նախարարութեան գիւղատնտեսութեան խորհրդատուութեան նորարութիւններու եւ վերահսկողութեան վարչութեան մարզային բաժիններու 69 հաստիք կրճատուած  է. աշխատակիցները բողոքի հաւաք կազմակերպած են կառավարութեան մօտ։

Աշխատակիցներէն մէկը ներկայացնելով իրավիճակը՝ նշած է. «Գիւղացիներն այսօր մեր կարիքն ունեն՝ բուժման աշխատանքներում խորհրդատուութիւն, պրոֆիլակտիկ (նախապահպանական) աշխատանքներում խորհրդատուութիւն, մենք անընդհատ պէտք է լինենք գիւղացու կողքին, որ գիւղատնտեսութիւնը զարգանայ:

Ոլորտի մասնագէտներին կրճատելով գիւղատնտեսութիւնը չի զարգանայ:

Սա մեծ հարուած է ոլորտին, գիւղացին կը մնայ մենակ»:

Տնտեսութեան նախարարութեան գիւղատնտեական խորհրդատուութեան նորարութիւններու եւ վերահսկողութեան վարչութեան  Արագածոտնի բաժնի գլխաւոր խորհրդատուն ալ ըսած է. «Կարող ենք ասել, որ խաչ ենք քաշում գիւղատնտեսութեան ոլորտի վրայ: Եթէ Հայաստանում գիւղատնտեսութեամբ զբաղուում է 30 տոկոսը, այսպէս խաչ կը քաշենք գիւղատնտեսութեան վրայ, առանց այն էլ չունենք գիւղնախարարութիւն»:

Ան տեղեկացուցած է, որ 27 ապրիլին, ժամը 18:15-ին գրութիւն եկած է իրենց, որ կրճատուեր են. «Իբր մոնիտորինգներ (վերահսկողութիւն) են արել, արդիւնաւէտութիւն են գնահատել եւ այդ արդիւնաւէտութեան հիման վրայ է նման որոշում կայացուել»,- ըսած է ան:

Հարցին՝ թէ ինչո՞ւ որոշած են նման բան ընել, ի՞նչ միտումով, ան կարծիք յայտնած է, որ միտումը թրքական շուկայ մտնելն է, թրքական ապրանքներ բերելն է.  «Նախարար պարոն Վահան Քերոբեանը հենց եկաւ նախարարութիւն, սկզբից ասաց, որ աւելի լաւ է թուրքական շուկան բացուի, թուրքամէտ քաղաքականութիւն ենք անում, գիւղոլորտով 10 տոկոսը զբաղուի»:

Տարբեր շրջանների վարչութեան աշխատակիցները նշած են՝ բոլորը բարձրագոյն կրթութիւն ունին, իրենց խորհրդատուութիւններու կարիքն, իրօք, ունին գյուղատնտեսները, իրենց խորհուրդներու շնորհիւ գիւղատնտեսները կը կարողանան իրենց գործելաոճին մէջ նորարարութիւններ մտցնել:

«Փաստի առաջ ենք կանգնել՝ մասնագէտներ ենք, բայց մեզ գործից տուն են ուղարկում»,- ըսած է Լոռիի բաժնի աւագ խորհրդատուն:

«Մեր հանրապետութիւնը սակաւահող երկիր է համարուել, 460  հազար հեքթար վարելահող ունենք, 50 տոկոսը չի մշակուում, սրանից յետոյ այդ տոկոսը կ'աւելանայ»,- նշած է մէկ այլ աշխատակից: