image

Կառավարութիւնը ընդունած է Սուրիոյ հետ օդային հաղորդակցութեան համաձայնագիր կնքելու առաջարկը

Կառավարութիւնը ընդունած է Սուրիոյ հետ օդային հաղորդակցութեան համաձայնագիր կնքելու առաջարկը

Հայաստան կ՝աջակցի Սուրիոյ հետ օդային հաղորդակցութեան համաձայնագրին: Որոշումը այսօր ընդունուած է Կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Որոշման գրաւոր բնագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ համաձայնագիրը երկու երկիրներու մէջ օդային հաղորդակցութեան համար պատշաճ իրաւական հիմք կ’ապահովէ: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ օդային փոխադրումներու երկկողմանի կարգաւորում: Երկիրներէն իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի իր օդանաւային ընկերութիւններուն թոյլ տալ սպասարկելու հաստատուած երթուղիները: