Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը մերժեց ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու դիմումները`ըստ այդմ անփոփոխ թողելով Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը:
Ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանը որոշումը հրապարակած է յուլիս 4-ին կայացած նիստին:
Սահմանադրական դատարանի որոշումն ընթերցած է ՍԴ նախագահ Արման Դիլանեանը:
Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած 7 քաղաքական ուժեր՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Միասնութեան թեւեր», «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն», «Նոր ուժ» եւ «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութիւնները դիմած էին Սահմանադրական դատարան՝ վիճարկելով ընտրութիւններու արդիւնքները եւ պահանջելով զանոնք անվաւեր ճանաչնալ։
Գործի քննութիւնը Սահմանադրական դատարանը սկսած էր յունիս 26-էն։