image

Ամերիկացի յայտնի գործիչը Թուրքիոյ շահերու պաշտպա՞ն

Ամերիկացի  յայտնի գործիչը Թուրքիոյ շահերու պաշտպա՞ն

ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը հետաքննութիւն սկսած է Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճուլիանիի կողմէ Թուրքիոյ շահերու հնարաւոր լոպպինկի վերաբերեալ, հաղորդած է Bloomberg-ը:

Արդեօ՞ք ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբի մտերիմ դաշնակից եւ անձնական փաստաբան Ճուլիանին խթանած է իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլէնը արտաքսելու Թուրքիոյ կառավարութեան ծրագիրը, որուն Անգարան կը մեղադրէ 2016 թուականի յեղաշրջման փորձի եւ ոսկիի առեւտուրով զբաղող Ռեզա Զարապի գումարներու լուացման մէջ:

Ճուլիանին, իր հերթին, հերքած է Թուրքիոյ շահերու համար լոպպիստական ​​գործունէութիւնը:

Այնուամենայնիւ, եթէ կառավարութիւնը որոշում կայացնէ, որ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետը գործած է այլ երկրի շահերու համար, ապա այն կրնայ պահանջել անկէ գրանցուիլ որպէս լոպպիստ՝ բացայայտելով շփումներու բոլոր մանրամասները, որոնք ունեցած է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ամերիկայի պաշտօնեաներու հետ:

Հետաքննութիւնը կը կեդրոնանայ այն բանի վրայ, թէ արդեօ՞ք Ջուլիանին լոպպինկ ըրած է Թրամփի վարչակազմը այլ երկրի շահերու համար, գրած է Bloomberg-ը՝ նշելով, որ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը սովորաբար «աւելի մեղմ մօտեցում կ'որդեգրէ», երբ կը կարծէ, որ գրանցման մերժումը կանխամտաուած չէ եղած»:

Զարապը ձերբակալուած է Մայամիի մէջ 2016 թուականի 19 մարտին եւ իրեն մեղաւոր ճանչցած են խարդախութեան եւ փողերու լուացման հետ կապուած տարբեր յանցագործութիւններու մէջ:

Գործարարի ցուցմունքները օգնած են դատապարտել Մեհմեթ Հաքան Աթիլլան՝ Թուրքիոյ պետական ​​Halkbank դրամատան գլխաւոր տնօրէնի նախկին տեղակալը՝ Իրանի դէմ պատժամիջոցները խախտելու համար: