image

Կամաւոր աշխատանքը կարեւոր է առողջ միջավայր կերտելու համար. Զօհրապ Ղազարեան

Կամաւոր աշխատանքը  կարեւոր է առողջ միջավայր կերտելու համար. Զօհրապ Ղազարեան

Օրերս Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Vartkess M. Balian award»ին արժանացած է   ծնունդով հալէպցի եւ Հայաստան   հաստատուած ուսանող Զօհրապ Ղազարեանը: «Արեւելք» այս առթիւ կարճ հարցազրոյց մը ունեացաւ անոր հետ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-


-Կը պատմե՞ս ուսմանդ մասին, Հալէպ ինչ աւարտած ես եւ այստեղ ի՞նչ կ'ուսանիս:

 

Նախքան Երեւան գալս, Սուրիոյ մէջ Հալէպի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղը աւարտած էի, երբ համալսարան ընդունուեցայ (2011) պատերազմը  սկսած էր, այդ ժամանակ արդէն որոշած էի Հայաստան տեղափոխուիլ, բայց ուզեցի աւարտել եւ վկայականս առնելէ ետք Երեւան գալ: Այդպէս ալ եղաւ, հազիւ աւարտեցի, Երեւան տեղափոխուեցայ եւ իմ մտադրութեան համաձայն ալ ամերիկեան համալսարան դիմեցի, նոյն՝ իրաւաբանութեան ճիւղի մագիստրոսական բաժին: Առաջին տարին արդէն աւարտեցի:  


-Ինչպէս գիտենք, Հալէպի մէջ քու ճիւղիդ մէջ առաջնակարգներէն էիր, երկրորդ դիրքը գրաւած էիր, արդեօք Հայաստանի մէջ նոյնպէս առաջնակարգ կրցա՞ր մնալ, տարբերութիւնը մե՞ծ է երկու համալսարաններուն միջեւ, դժուարութիւն ունեցա՞ր այդ առումով:

Ոչ շիտակը, իրաւաբանութեան ճիղի պարագային, երկրի կանոններու առումով այդքան շատ տարբերութիւն չկայ, յատկապէս միջազգային օրէնքի, մարդու իրաւունքներու եւ պիզնեսի կանոններու վերաբերեալ: Միակ տարբերութիւնը որ կայ Սուրիոյ պարագայի իսլամական կրօնքէն բխած օրէնքներուն պարագան է: Իսկ համալսարանի առումով, ըսեմ որ Սուրիոյ բաղդատած այստեղ շատ աւելի դիւրին է ուսման ընթացքը, ուսանողութեան թիւի առումով եւս մեծ տարբերութիւն կայ, Հալէպի իրաւաբանական համալսարան մեր ուսումնական տարին 5800 ուսանող ընդունուած էր, որոնցմէ սակայն աւարտական տարի հասան միայն 600-ը, ինչպէս ըսիք, ես համալսարանիս երկրորդ դիրքը գրաւած էի, անոր համար կրնայի դատախազութեան ուսման մրցոյթին մասնակցիլ, բայց նախընտրեցի Հայաստան գալ ուսումս այստեղ շարունակել:


- Ի՞նչ կը ներկայացնէ AUA-ի «Vartkess M. Balian award»ը, որ օրեր առաջ ստացաք, եւ ովքե՞ր կը ստանան այս մրցանակը:

Ուրեմն «Vartkess M. Balian award»ը տարեկան մրցանակ է, որ կը յատկացուի միայն մագիստրոսի առաջին տարուան ուսանողներուն: Ամերիկեան համալսարանը մագիստրոսական ուսման 9 տարբեր ճիւղեր ունի եւ այդ 9 ճիւղերուն մէջէն մէկ անձ կ'ընտրուի մրցանակին համար: Ընտրութեան ժամանակ նկատի կ'առնուի երկու համգամանք, ե՛ւ ուսանողի միջինը (academic excellence), ե՛ւ ընկերային ծառայութեան (Community work) փորձը: Իսկ մրցանակը շահողը, մագիստորսականի երկրորդ տարին անվճար կ'ուսանի: 2018-ի «Vartkess M. Balian award»ը շահելու բախտն ալ ինծի վիճակուեցաւ, ինչը շատ ոգեւորորող է:

-Ինչպէս ըսիք, բացի նիշերու միջինէն, մրցանակին համար նկատի կ'առնուի նաեւ ընկերային ծառայութեան փորձը, դուք ի՞նչ փորձ ունիք այդ ուղղութեամբ:

Ես  Սուրիոյ մէջ Առաջին տիկնոջ՝ Ասմաա Ասատի հիմնած «Syria Trust for Development» կազմակերպութեան հետ որպէս կամաւոր, առաւել Հալէպի Հայ Համալսարանական Միութեան հետ աշխատած եմ: Ամէն շրջան յատուկ ծրագիրներ կ'իրականացնէինք ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարելաւելու, պատերազմի պատճառած հոգեկան ընկճուածութենէն դուրս բերելու նպատակով: Հայաստանի մէջ նոյնպէս YMCA-ի սուրիահայերու խումբին հետ կ'աշխատիմ, ներկայիս ուսանողական յանձնախումբի պատասխանատուն եմ, աւելի լուրջ ծրագիրներ կ'ընենք, իմ մասնագիտութենէս ելլելով իրենց հետ զրոյցներու միջոցաւ իրաւունքներու մասին իրազեկելու ծրագիրներ կը մշակեմ, օրինակ մտաւոր սեփականութեան իրաւունք, ազատ խօսք, կիներու իրաւունք, հաւասարութեան իրաւունք եւայլն:

Անշուշտ կ'ուզեմ ըսել, որ կամաւորական այս աշխատանքները ես մրցանակ կամ գնահատագիր  ստանալու համար չէ որ կ'ընեմ, այլ անձնական համոզմունքի հարց է, ես հաւատացած եմ, որ հասարակութիւնը զարգացնելու համար, պէտք է բարոյական բարձր չափանիշներով ոգեշնչենք մեր երիտասարդութիւնը,  եթէ որպէս մասնագէտ պիտի խօսիմ, ես հասարակութեան կեանքը կառավարելու մէջ՝ օրէնքներ ընդունելու փոխարէն աւելի կարեւոր կը գտնեմ երիտասարդներուն ուսուցանել այն  արժէքները, որոնց համաձայն օրէնքները կը մշակուին:

Կամաւոր աշխատանքը կարեւոր է ընկերութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու առումով եւ ես կը հաւատամ երիտասարդութեան ուժին, եւ անցած ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը առաւել հաստատեց իմ համոզմունքը: Իչպէս միշտ կը լսենք, երիտասարդութիւնը, մեր սերունդը յաճախ քննադատութեան կ'ենթարկուի տարբեր հարցերու մէջ իր անհոգ կամ անտարբեր վերաբերմունքին համար, բայց տեսանք թէ ինչպէս գիտակից երիտասարդութիւնն էր նոր փոփոխութիւններու համար քայլ առնողը, այն ալ՝ բաց ձեռքերով:  Ես Սուրիայէն ըլլալով, ականատես եղած եմ թէ յեղափոխական փորձերու ժամանակ ինչքան դիւրութեամբ վայրագութիւնը որպէս գործելաոճ կրնայ անհաւատալի արագութեամբ տարածուիլ եւ անոր համար շատ աւելի լաւ կրնանք հասկնալ խաղաղ եւ բաց ձեռքերու քաղաքականութեամբ փոփոխութիւններ բերելու արժէքը, այս իրողութիւնը շատ ոգեւորեց մեզի, մանաւանդ սուրիահայերուն, որոնց յիշողութեան մէջ Սուրիոյ արիւնալի օրինակը դեռ վառ է:

 

Աւարտելէդ ետք ի՞նչ ծրագիրներ ունիս: Հալէպ վերադարձի մասին կը մտածե՞ս:

Ճիշդը, սկիզբը ուսումս աւարտելէ ետք դուրս գաղթել կը մտածէի, լաւ աշխատանք ունենալու նպատակով, բայց հիմա կը զգամ որ կապուած եմ արդէն Երեւանին, սիրեցի այստեղի միջավայրը եւ կը տեսնեմ որ հոս ալ կարելի է լաւ աշխատանք ունենալ, լաւ առիթներ կան: Միակ դժուարութիւնը որ կրնամ ունենալ հաւանաբար իրաւաբանական ճիւղի հայերէն եզրերու իմացումն է, անոր համար ալ որոշած եմ ամրան յատուկ դասընթացքի մը  հետեւիլ:

Հալէպ կը կարօտնամ, բայց չեմ  մտածեր վերադարձի մասին, որովհետեւ այստեղ հաստատուած եմ արդէն եւ ինծի համար ապագայ կը տեսնեմ: