image

Նորընտիր իշխանութիւններուն գլխաւոր գործը պիտի ըլլայ կայունացնել երկիրը. Կարօ Ղազարեան

Նորընտիր իշխանութիւններուն  գլխաւոր գործը պիտի ըլլայ    կայունացնել երկիրը. Կարօ  Ղազարեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Կը տատամսիմ ակնկալիքներ ունենալէ, նկատի ունենալով խայտառակ բառապաշարով զինուած քարոզարշաւները: Կը յուսամ, որ ուժերու միացումով Ազգային Ժողով կը կ'երտուի: 

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Մտավախութիւններ ունիմ նկատի առնելով ատելութեան բացայայտ կոչերը : 

 

-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նորընտրեալ իշխանութիւնները պէտք է վերջ դնեն քարկոծամներուն եւ կերտեն կայուն երկիր ու կայուն ապագայ. այլապէս անդունդի առաջ կանգնած ենք ազգովի:

Եւ անշուշտ մեր պատմութեան այս ճգնաժամային հանգրուանին անհրաժեշտ է նաեւ համախմբել հայկական սփիւռքը: