Իսրայէլը ներկայիս կը դիտարկէ Իրանը միակողմանի հարուածելու հնարաւորութիւնը, կը գրէ New York Times-ը՝ նշելով, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը, ի տարբերութիւն իր նախորդներ Ճորճ Պուշի եւ Պարաք Օպամայի, աւելի քիչ հաւանականութեամբ կրնայ խափանել անոր ջանքերը։
The Times-ի հետաքննութիւնը, որ կը ներառէ ամերիկեան, իսրայէլեան եւ եւրոպական ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու հետ հարցազրոյցներ, կը հետեւի Իրանի հանդէպ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի քաղաքականութեան։ Այնտեղ մանրամասն կը պատմուի, թէ որքանով Իսրայէլը 2012-ին մօտ եղած է Իրանի վրայ յարձակման, ինչպէս Օպամայի վարչակազմը մշակած է արտակարգ պայմաններու մէջ գործողութիւններու ծրագիրը, եւ ինչպէս ԱՄՆ-ը վերահսկած է Իսրայէլը, երբ վերջինս կը լրտեսէր Իրանը:
The Times-ը զրուցած է նաեւ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, որ խոստովանած է այն հնարաւորութեան մասին, որ Թրամբ կրնայ փորձել պայմանաւորուիլ Իրանի հետ՝ անոր միջուկային ծրագրի հետ կապուած։
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Փենթակոնը կառուցած է ուրանի հարստացման գործարանի ճիշդ նմանակը եւ պայթեցուցած է այն հակաթանկային օդային ռումբի միջոցով։ ԱՄՆ-ը Իսրայէլին ցոյց տուած է փորձարկման տեսանիւթը։
Հետաքննութեան համաձայն, ամերիկեան արբանեակ-լրտեսները դիտարկած են, թէ ինչպէս իսրայէլեան անօդաչուները թռիչք կը կատարեն ատրպէյճանական զօրակայաններէն դէպի Իրանի տարածք, որպէսզի լրտեսեն իրանեան միջուկային կառոյցները եւ փորձարկեն իրանեան հակաօդային պաշտպանութիւնը։
Թերթի համաձայն, 2010-ի նոյեմբերին Նաթանիահուն եւ այն ժամանակուայ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքը հանդիպած են Մոսատի շտապին մէջ, որպէսզի Իսրայէլի պաշտպանական հաստատութեան ղեկավարներու հետ քննարկեն Իրանը գրոհելու ծրագիրը։
Պարաքի խօսքերով, զրոյցը արագ վերաճած է վէճի, երբ զօրավար Կապի Աշքենազին ըսած է, որ հակառակ Իսրայէլի յաջողութիւններուն, պաշտպանական ուժերը դեռ չեն անցած գործողութիւններու շեմը, կը գրէ Times-ը։
Հեղինակները նաեւ յայտնած են, որ Օպամայի վարչակազմը քանի մը շաբաթը անգամ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կ'ուղարկէ Իսրայէլ, որպէսզի հետեւի, որ Իսրայէլը միակողմանի հարուած չհասցնէ։
Նաթանիահուն պնդած է, որ իսրայէլեան հարուածի սպառնալիքը «սուտ չէր, այն իրական էր»։ Եւ միայն այն պատճառով, որ իրական էր, ամերիկացիները իրօք անհանգստացան այդ հարցով։ Այն անդունդի ծայրէն նահանջեց միայն այն պատճառով, որ Նաթանիահուն չկրցաւ իր գրասենեակի անդամներու մեծամասնութեան ստիպել սատարել իրեն։ «Եթէ ես մեծամասնութիւն ունենայի, ես միանշանակ կ'ընէի այդ»,- ըսած է Նեթանիահուն։
Հոկտեմբերին հարուածը չեղարկուած է։ «Տարբեր բան է առանձին հարուածներ հասցընելը,- ըսած է Պարաքը,- բոլորովին այլ բան է հակամարտութեան մէջ Միացեալ Նահանգները ներքաշելը, որ չուզեր ատոր մաս ըլլալ»։
«Ես կը կարծեմ՝ շատ աւելի հաւանական է, որ Թրամբը կանաչ լոյս տայ Նաթանիահուին՝ Իրանը գրոհելու համար, քան ինքը հարուած հասցնէ»,- Times-ին ըսած է ԱՄՆ նախկին դեսպան Տանիէլ Շափիրոն՝ աւելցնելով․ «Սակայն այդ մէկը մեծ ռիսք է»։