image

Իսրայէլ զիջումներու պիտի երթայ «Հըզպալլա»ի Սուրիայէն հեռանալը ապահովելու դիմաց

Իսրայէլ զիջումներու պիտի երթայ «Հըզպալլա»ի  Սուրիայէն հեռանալը ապահովելու դիմաց

Ռուս ռազմագէտ Տմիթրի Իկորչենքով անդրադարձած է իսրայէլեան սահմանին սուրիական ուժեր տարածելու մասին շրջանառուող լուրերուն, նշելով, որ կարելի է կանխագուշակել իսրայէլա-սուրիական յարաբերութիւններու ընթացքը, եւ եթէ տեղեկութիւնները հաստատուին, նման որոշումը Թէլ Աւիւ-Դամասկոս հակամարտութեան վերջ տալու ուղղութեամբ դրական քայլ պիտի համարուի:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, Իկորչենքով հաւանական համարած է ռուսական կողմի միջամտութիւնը երկխօսութեան իրականացման: Ան նաեւ բնական համարած է իսրայէլեան կողմի պահանջը, կապուած «Հըզպալլա»ի եւ իրանեան ուժերը իսրայէլեան սահմանէն հեռացնելու հետ:

Ռազմագէտին կարծիքով, այս խնդիրը կարելի է արդիւնաւէտ համարել միայն այն պարագային, եթէ Իսրայէլ-Սուրիա երկխօսութեան մասին տարածուող լուրերը հաւաստի են: