Ժամեր առաջ գրանցուած ապահովական միջադէպին ընթացքին զոհուած երիտասարդը «Հըզպալլա»ի անդամ էր։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով նաեւ, որ երիտասարդը կը կոչուի՝ Մոհամմատ Թահան։
Յիշեցնենք, որ երիտասարդը զոհուած է այն պահուն, երբ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են սահմանին մօտեցած խումբ մը անզէն երիտասարդներու ուղղութեամբ։