«Իսրայէլեան բանակը կարծես թէ հրաժարած է սահմանին վրայ ապահովական ռութինային շարասիւններ ուղղարկելէ» այս մասին այսօր յայտնած է «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանի սահմանային հատուածին վրայ գտնուող լրագրողը։
Ան նաեւ նշած է, թէ «ներկայիս զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ սահմանին եւ ուշագրաւն այն է, որ իսրայէլեան բանակի շարասիւններ չեն երեւիր սահմանի ամբողջ երկայնքին, մինչ անցեալ շաբաթ եւ ըստ ականտեսներու իսրայէլեան բանակի զրահապատ մեքենաներ երեւելի կը դառնային»։
Նշենք, որ անցնող ժամերուն ընթացքին բապական լարուած իրավիճակ կը տիրէր յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ իսրայէլեան երկու անօդաչու սարքերու անկումէն ետք։
Լիբանանեան լրատու աղբիւրներ տեղեկութիւններ տարածեցին այն մասին, որ իսրայէլեան անօդաչու սարքը ունակութիւն ունէր ականպատման աշխատանքներ կատարելու ու նաեւ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու։