Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին իր կատարած յայտարարութեամբ:
Բարձրացուած հարցերուն շուրջ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ղեկավարները արձանագրեցին հետեւեալը.
Անկախ քաղաքական հայեացքներէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր ոք ունի խօսքի եւ տարբերուող կարծիքի ազատութեան իրաւունք:
Դատարաններու անկախութիւնը երկրին մէջ արդարադատութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիք է, հետեւաբար, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման գոր-ծիքակազմը (մեքանիզմը) որեւէ կերպով պէտք չէ խաթարուի:
Արադարադատութեան իրականացման համար Հայաստանի դատական համակարգը իր ամբողջ գործիքակազմով ինքզինք չէ սպառած, այդուհանդերձ, եթէ քաղաքական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք՝ կողմերը գտնեն, որ կայ անհրաժեշտութիւն «անցումային արդարադատութեան» հիմնարկին, ապա անիկա պէտք է իրականացուի Սահմանադրութեան եւ համապատասխան օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւններով եւ նոյն ժամանակ որեւէ կերպով չվնասէ արդարադատութեան:
Ազգային ժողովին կողմէ 6 Յուլիս 2018ին հաւանութեան արժանացած Կառավարութեան ծրագիրին համաձայն՝ «արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին»: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով իրականացնելու պարագային մեքանիզմներու շարքին հանրաքուէն կրնայ ըլլալ ամենաժողովրդավարականը, որովհետեւ փոփոխութեան ենթակայ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով: Այդուհանդերձ, այս հարցով որեւէ տարբերակի ընտրութիւն պէտք է կատարուի հանրային ու քաղաքական լայն քննարկումներու արդիւնքով: Այդպիսի հնարաւորութիւնները սպառած չեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ հանրային լայն շրջանակներու մէջ: