Գահիրէի մօտ Իրաքի դեսպան Հապիպ Ալ Սատըր յայտնած է, թէ յոյս ունի, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ աւիրման ենթարկուած շրջանները շուտով կը վերականգնուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Ալ Սըտըրի փոխանցմամբ, «Տահէշ»ի պատճառով Իրաքէն տեղահանուած բնակչութեան 55 տոկոսը տակաւին տուն չէ վերադարձած:
«Վերականգնման ծախսերը շատ մեծ են, եւ յոյս ունինք, որ այս առումով միջազգային հանրութիւնն ու մեր եղբայրները պիտի աջակցին մեզի, որովհետեւ քաղաքներու վերաշինութիւնը երկար ժամանակ ու մեծ գումարներ կը պահանջէ»,- յայտարարած է Ալ Սըտըր: