Ռուսաստանի մէջ Ալպանիոյ դեսպանութեան առաջին քարտուղար Եոնիտա Տրոկուն «փերսոնա նոն կրատա» յայտարարուած է եւ պէտք է երեք օրուան ընթացքին հեռանայ Ռուսաստանէն: ՌԴ ԱԳՆ-ն այս մասին տեղեկացուցած է Ալպանիոյ դեսպան Արպէն Կազիոնիին:
2021 թուականին յունուարին Ալպանիոյ իշխանութիւնները «փերսոնա նոն կրատա» յայտարարած են ռուս դիւանագէտ Ալեքսէյ Կրիվոշեւին՝ վերջինս մեղադրելով «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին ուղղուած միջոցառումները խախտելու մէջ: