image
Հրատապ լուրեր:

«Թուրքիան աչք ունի հիւսիսային Իրաքի վրայ» Իրաքցի նախարարին վկայութիւնը

«Թուրքիան աչք ունի  հիւսիսային Իրաքի  վրայ» Իրաքցի նախարարին վկայութիւնը

Վերջերս Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւն մը, բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է Իրաքի բոլոր խաւերուն մէջ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, թէ «Թուրքիան կը քննարկէ նոր ռազմակայան հիմնել  Իրաքեան  Քիւրտիստանի  Մթինա շրջանին մէջ, Սուրիոյ օրինակին համաձայն»:

 Այս մասին մանրամասն նիւթ մը  հրապարակած է  «Skynewsarabia» կայքը։

Ըստ աղբիւրին, այս յայտարարութեան յաջորդած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարի անպաշտօն այցելութիւնը իրաքեան  հիւսիսային  Իրաքի որոշ շրջաններ  առանց  պաշտօնական  Իրաքի  թոյլտուութիւնը  ստանալու։

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ Իրաքի խորհրդարանէն ներս կարգ մը քաղաքական ուժեր դժգոհութիւն յայտնած են Թուրքիոյ վարած հակաիրաքեան քաղաքականութենէն, որ կը վտանգէ իրենց տարածքներու ամբողջականութիւնն ու ապահովութիւնը: Այս բողոքներուն առընթեր, Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը  իր մօտ  կանչած է Պաղտատի մօտ թրքական դեսպանատան յանձնակատարը եւ անոր յանձնած նամակ մը, ուր խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները ուղղուած՝ Իրաքի ինքնիշխանութեան  դէմ:

Այս զարգացումներու   լոյսին  տակ , «Սքայ նիւզ»  հարցազրոյց ունեցած է Իրաքի ջրային միջոցներու նախկին նախարար՝ Լաթիֆ Ռաշիտի հետ, որ նաեւ տարիներ եղած է նախկին նախագահ՝ Ժալալ Թալապանիի խորհրդատուն: Ռաշիտ մասնաւորապէս նշած է, թէ «Թուրքիոյ խօսակցութիւնը իր ազգային անվտանգութեան ու սահմաններու ապահովութեան մասին անհեթեթութիւն է, ան պարզապէս կ'ուզէ արդարացնել հիւսիսային Իրաք ներխուժելը ու  նոր իրավիճակ ստեղծելը, ռազմակայաններ ու զօրանոցներ հիմնելով, մանաւանդ Նինուա նահանգին մէջ,  պատճառաբանելով, որ  իբրեւ թէ պիտի պայքարի Քրտական աշխտաւորական կուսակցութեան   (PKK) դէմ»: Նախարարը աւելցնելով ըսած է, թէ Թուրքիան «Տաէշ»ի քողին տակ ընդլայնուած է Իրաքի եւ Քիւրտիստանի  մէջ, նպատակ ունենալով իր կշռին տակ առնել ի մասնաւորի Մուսուլը: « Հիմա որ Տահէշ չկայ, թրքական ուժերը կը մերժեն լքել այն դիրքերը, զորս գրաւած են»:

Նախարարին համաձայն՝ թրքական ուժերուն գոյատետումը Իրաքի մէջ, եւ անոր կատարած յարձակումներն ու օրինազանցումները, ակնյայտ խախտում է Միջազգային իրաւունքի եւ Իրաքի ինքնիշխանութեան նկատմամբ: Եւ Թուրքիոյ այս միջամտութիւնները չդատապարտելը, իրաքեան քաղաքական ուժերուն կողմէ,  պարզապէս խոցելի կը դարձնէ վերջիններուն հաւաստիութիւնը անկախ ու ինքնիշխան Իրաք ունենալու առնչութեամբ:

Նախարարը նաեւ շեշտած է, թէ « Թուրքիոյ Իրաքէն գողցած որեւէ  հողաշերտ, կը համարուի սպառնալիք Իրաքի ժողովուրդի անվտանգութեան» եւ  Իրաքի դաշնային կառավարութեան այս լուռ կեցուածքը որոշ կասկածներ կ'արթնցնէ:

Ըստ Ռաշիտին, իրաքցիք պէտք է համախմբուին միջազգային զանազան ուժերու եւ անոնց գլուխը գտնուող Թուրքիոյ դէմ, պահպանելու Իրաքի ամբողջականութիւնն ու անոր քաղաքացիներու շահերը,  եւ պէտք է գործով եւ ոչ խօսքով դիմակայել օտար երկիրներու ընդլայնումը Իրաքի մէջ, «Պէտք է մեր ձայնը բարձրացնենք, Թուրքիոյ նկրտումներուն դէմ, արաբական, տարածաշրջանային եւ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ», եզրափակած է նախարարը: