image

Իրաքի տեղահանուած բնակչութեան 55 տոկոսը տակաւին չէ վերադարձած. Իրաքցի դիւանագէտ

Իրաքի տեղահանուած բնակչութեան 55 տոկոսը տակաւին չէ վերադարձած. Իրաքցի դիւանագէտ

Գահիրէի մօտ Իրաքի դեսպան Հապիպ Ալ Սատըր յայտնած է, թէ յոյս ունի, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ աւիրման ենթարկուած շրջանները շուտով կը վերականգնուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Ալ Սըտըրի փոխանցմամբ, «Տահէշ»ի պատճառով Իրաքէն տեղահանուած բնակչութեան 55 տոկոսը տակաւին տուն չէ վերադարձած:

«Վերականգնման ծախսերը շատ մեծ են, եւ յոյս ունինք, որ այս առումով միջազգային հանրութիւնն ու մեր եղբայրները պիտի աջակցին մեզի, որովհետեւ քաղաքներու վերաշինութիւնը երկար ժամանակ ու մեծ գումարներ կը պահանջէ»,- յայտարարած է Ալ Սըտըր: