image

Իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու հարցը քննարկման դրուած է

Իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու հարցը քննարկման դրուած է

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի ներկայացուցիչ Միխայիլ Պոկտանօ յայտնած է, որ Ռուսիա, Յորդանան եւ ԱՄՆ կը շարունակեն երկխօսութիւնները Սուրիոյ հարաւային շրջանի լարուածութեան նուազեցման գօտիին շուրջ, եւ համաձայնութեան եկած են այդ խնդիրը քննարկելու նպատակով եռակողմ հանդիպում իրականացնել:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Իսրայէլ դէմ չէ Ասատի վարչակարգին, սակայն անոր գլխաւոր անհանգստութիւնը Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու ազդեցութեան աճն է, որուն պատճառով ալ վերջերս Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարը պահանջ ներկայացուցած է Սուրիոյ կառավարութեան չէզոքացնելու իրանեան գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ, փոխարէնը խոստանալով ապահովել Ասատի գոյատեւումը որպէս երկրի նախագահ:

Իր հերթին ռուսական կողմը պահանջ ներկայացուցած է Սուրիոյ հարաւային շրջանները դատարկել ահաբեկչական խմբաւորումներու միաւորներէն, փոխարէնը խոստանալով ապահովել իրանեան ուժերու հեռացումը տարածաշրջանէն: