image

Ատրպէյճանեան ուժերը պէտք է դուրս գան ՀՀ տարածքներէն. Փաշինեան

Ատրպէյճանեան ուժերը պէտք է դուրս գան ՀՀ տարածքներէն. Փաշինեան

 

Շատ ուրախ եմ, որ Վարդենիսն իր վճռականութիւնն ու տրամադրութիւնը չէ կորսնցուցած: Այս պահուն ամենամեծ մտահոգութեան թեման Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ ունեցած վիճակն է:

 

Այս մասին Վարդենիսի մէջ քարոզարշաւի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանն ու ներկայացուցած է, թէ այս պահուն խնդրի կարգաւորման ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին:
«Քանի դեռ ռէալ շանս կայ, որ խնդիրը լուծենք խաղաղ ճանապարհով, մինչեւ վերջին վայրկեանն ամէն ինչ անելու ենք, որ բանակցային խաղաղ ճանապարհով լուծենք: Եւ սրա համար կան շատ լուրջ նախադրեալներ, որովհետեւ մեր միջազգային գործընկերներն ըստ էութեան պաշտպանում են այն դիրքորոշումը, որ պէտք է ատրպէյճանական ուժերը դուրս գան ՀՀ տարածքից»,-ըսած է Փաշինեանը:

Վարդենիսի մէջ եւս ի թիւս այլ հարցերու, Նիկոլ Փաշինեանը խօսած է մասնագիտական բանակի անցնելու անհրաժեշտութեան մասին: