image

Իրանահայ համայնքը կարեւոր քայլերու կը դիմէ պայքարելու համար «Քորոնա»ի տարածման դէմ.Դերենիկ Մելիքեան

Իրանահայ  համայնքը  կարեւոր  քայլերու կը դիմէ  պայքարելու համար «Քորոնա»ի  տարածման դէմ.Դերենիկ Մելիքեան

Թեհրանի  մէջ  հրապարակուող «Ալիք»   օրաթերթի  խմբագիր  Դերենիկ Մելիքեանի   հաղորդմամբ,  Իրանի  հայկական   թեմերը  կարեւոր   աշխատանքներ կ՚իրականացնեն  ապահովելու համար  տեղի  հայկական  համայնքի անվտանգութիւնը։

Մելիքեան, որ այսօր խօսեցաւ «Արեւելք»ին, մասնաւորաբար  նշեց. «Ատրպատականի Թեհրանի  եւ Սպահանի (Նոր Ջուղա) եռեակ թեմերու հոգեւոր առաջնորդներն ու մարմինները կապի մէջ են իրար հետ՝ տուեալ հայկական համայնքներու  լուրերը  իրարու տեղեակ պահելու նպատակով»։ Ան   նաեւ անդրադարձաւ  իրանահայ բժիշկներու միութեան մասին, ըսելով  որ այդ մարմինը կարեւոր  ներկայութիւն է   Թեհրանի մէջ:  «Անոնք  արագօրէն  հանդէս եկան  հաղորդագրութեամբ, ուր կարեւորուած է կանխարգելիչ բժշկական, առողջապահական նախաձեռնութիւնները, զանոնք կիսելու հասարակութեան լայն խաւերու հայ քաղաքացիներու հետ»: Ան նաեւ  նշեց,  թէ պիտի ստեղծուի թէժ գիծ, օգնելու հայ քաղաքացիներուն, կարելիութիւնը տալով, որ   քաղաքացիները իրենց հարցումները, խնդիրները, դժուարութիւնները եւ կանխագուշակումները կիսեն բժիշկներուն հետ:  Այդ  բժիշկներուն մէջ կան  ներկայացուցիչներ  երեք հայաշատ քաղաքամասերու՝ Թեհրանի, Սասուն- Զէյթունի եւ կեդրոնական շրջանի:

Մելիքեան  նաեւ   նշեց,  որ «Հոգեբարոյական դրական ազդեցութիւն ունեցաւ այն քայլը որ կիրարկուեցաւ այսօր եւ  վաղն ալ պիտի կրկնուի իր երկրորդ փուլով, մեր գործող պատգամաւոր հիւսիսային իրանահայութեան ներկայացուցիչ՝    տոքթ. Կարէն Խանլարեանի ինքնաբուխ այցելութիւնը հայկական թաղամասեր, այնտեղ գործող  հայկական միութիւններուն, հայ  առեւտրականներուն,  տարբեր զանգուածային շերտերու հետ հանդիպելու, մտերմիկ զրոյց  ունենալու, լուսաբանական հարցումներուն սպառիչ պատասխաններ տալով «Քորոնա» ժահրի մասին»։

Գալով տեղեկատուական ընդհանուր գործունէութեան Մելիքեան  ըսաւ, թէ որպէս  հայագաղութի միակ օրաթերթ,  իրենք կապի մէջ են Իրանի  մէջ  ՀՀ դեսպանութեան եւ գլխաւոր դեսպանին հետ: Ամէն օր կը փոխանակեն  նորութիւններ, եւ Հայաստանէն առողջապահական գծով խնդիրներ կը փոխանցեն իրենց ինչպէս նաեւ իրենք կը տեղեկացնեն վերջին լուրերը, եւ համատեղ կարգով կը փորձեն տեղեկատուական դաշտ ստեղծել,  որպէսզի թիւրիմացութիւնները եւ մանաւանդ խուճապը չգերակշռէ,  եւ  տագնապալի  վիճակ  ջըստեղծուի հասարակական  կեանքին մէջ։