«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ, օրերս Թեհրանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ բանակցութիւններ կ'իրականացուին, իրանեան միջուկային ծրագիրը փրկելու նպատակով, այն բանէն ետք, երբ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ որոշեց հրաժարիլ Իրանի հետ համագործակցելէ:
Աղբիւրը, փոխանցելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը յայտարարութիւնը, նշած է, որ Իրան պիտի փորձէ իր դաշնակից Հուսիներու հարցը քննարկման սեղան բերել, յանուն միջուկային ծրագիրի փրկութեան:
Այս առթիւ, Թրամբի որոշման դէմ եղող եւրոպական երկիրները համարած են, որ կարելի է միջուկային ծրագիրի պահպանման միջոցով լուծում տալ Եմէնի հարցին, ապացուցելով ԱՄՆ-ին, որ Եւրոմիութիւնը կարողութիւն ունի Եմէնի հարցին շուրջ զիջումներ քաղելու:
Նշենք, որ 2015 թուականէն ի վեր Իրան անուղղակի պայքարի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ, Եմէնի Հուսիներուն զինամթերք տրամադրելու պատճառով: