image

Եէմէնի Հուսիները այսուհետեւ «Ահաբեկչական ցուցակ»ին մաս պիտի չկազմեն

Եէմէնի Հուսիները այսուհետեւ «Ահաբեկչական ցուցակ»ին մաս պիտի չկազմեն

Ուրբաթ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ մտադիր է չեղեալ համարել Եէմէնի հուսիներու շարժումը ահաբեկչական խմբաւորում որակաւորող որոշումը՝  ի պատասխան երկրին մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամին, կը յայտնէ Reuters-ը:

Պետական բաժանմունքի պաշտօնեայի հաստատմամբ, փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն, Եէմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած ռազմական արշաւին ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը դադրեցնելու մասին յայտարարութենէն մէկ օր անց: Պաշտօնեան նշած է, որ որոշումը կապուած է Եէմէնի մարդասիրական ճգնաժամին հետ:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ)  գնահատականով` Եէմէնի մէջ ստեղծուած է աշխարհի ամենամեծ մարդասիրական ճգնաժամը. Երկրի ժողովուրդի 80 տոկոսը մարդասիրական աջակցութեան կարիք ունի:

«Մենք կ'ողջունենք ԱՄՆ-ի վարչակազմի կողմէ այդ որոշումը՝ չեղեալ յայտարարելու մտադրութիւնը, քանի որ անիկա մեծ օգնութիւն կ'ըլլայ միլիոնաւոր եէմէնցիներուն համար, որոնք կ'ապաւինին մարդասիրական օգնութեան ու ներկրման` իրենց գոյատեւման համար անհրաժեշտ հիմնական կարիքները բաւարարելու համար», - ըսած է ՄԱԿ-ի մամլոյ խօսնակ՝ Ստեֆան Տիւժարիք:

ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն 19 յունուարին, Պայտընի երդմնակալութենէն մէկ օր առաջ, հուսիները ներառած էր ԱՄՆ-ի «սեւ ցուցակ»ին մէջ:

Թրամբի վարչակազմը այս որոշման շրջանակներէն դուրս, յայտարարած էր ՄԱԿ-ի, Կարմիր Խաչի, բժշկական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող խումբերու տեղաշարժը: Սակայն ՄԱԿ-ի պաշտօնեաները կոչ ըրած էին ամբողջութեամբ չեղեալ համարելու վերոնշեալ որոշումը:

Reuters-ը յիշեցուցած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած միջազգային դաշինքը 2015 թուականին միջամտած է Եէմէնի հակամարտութեան՝ աջակցելով տեղւոյն կառավարական ուժերուն, որոնք կը պայքարին Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներուն դէմ: ՄԱԿ-ը, իր հերթին, կը փորձէ վերականգնել բանակցային գործընթացքը, քանի որ երկիրը անընդհատ կը դիմակայէ տնտեսական ճգնաժամեր, իսկ այժմ  նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը: