Վերջերս թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութեան՝ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի այցելեց, քննարկելու Լիպիոյ մէջ հիմնուած թրքական ընկերութիւններու ընդհատուած աշխատանքներուն վերսկսիլը։ Այս մասին լուրը տրուած է Սարաժի «Ալ Ուիֆաք»ի կառավարութեան բանբերը։
Լուրի հրապարակումէն ետք Լիպիոյ վերջին զարգացումներուն մասին ուշագրաւ վերլուծական մը հրապարակած է «Ալ Արապիա»ի կայքը, նշելով, որ Թուրքիոյ հեռահար նպատակներն ու ծրագիրները նորութիւն չեն Լիպիոյ պարագային։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիպիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է նիւթական փոխ-հատուցում տրամադրել թրքական այն ընկերութիւններուն, որոնք պատերազմին հետեւանքով ստիպուած եղած են դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը նշելով նաեւ, որ տրամադրուելիք հատուցումը կրնայ հասնիլ մինչեւ 2.7 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։
Այլ գետնի վրայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մօտիկ բարեկամ՝ Ժանքիզ անունով յայտնի գործարարին պատկանող շինարարական մեծ ընկերութիւնը՝ «Ժէնքիզ Ինսաթ», կը ձգտի վերադառնալ Լիպիա: Ան միջազգային դատարանի միջոցաւ, կրցած է 50 միլիոն եւրօ փոխհատուցում ստանալու դատը շահիլ, նախքան 2011 թուականը իր իրականացուցած բազմաթիւ ծրագիրներուն համար:
Մեծ վնասներ կրող եւ փոխհատուցում պահանջող մեծ ընկերութիւններէն են՝ «Կորիշ»ը, որ կառուցած էր օդակայաններ ու ճանապարհներ, եւ «Ինքա»ն, որ իրագործած էր ելեկտրականութիւն եւ կազ արտադրող կայաններ, վերջինս արդէն վերսկսած է իր աշխատանքները Լիպիոյ մէջ:
Իսկ Ելեկտրականութեան եւ կենսուժի «Ճալիք» ընկերութիւնը, որուն տնօրէնն էր Էրտողանի փեսան՝ Պիրաթ Ալպէյրաքը, նոյնպէս վերսկսած է իր գործունէութիւնը, գլխաւորութեամբ Ալ Պայրաքի եղբօր։
«Ալ Արապիա» կը նշէ, որ այս փաստարկներէն անդին Թուրքիան կը ձգտի աւելիին, եւ կ'ուզէ ստանձնել ելեկտրականութեան հետ կապուած բոլոր ծրագիրները, նաեւ նաւթի եւ կազի հորատումի եւ արտադրութեան աշխատանքները: «Քարատէնիզ Բաուըր» ընկերութիւնը առաջարկած է ելեկտրականութիւն տրամադրել Լիպիոյ 16 միլիառ տոլարի համարժէքով:
Այլ կարեւոր ընկերութիւն մը՝ «Թապաու» ներկայացուցած է իր առաջարկը, թոյլտուութիւն ստանալու Լիպիոյ «Ալ Ուիֆաք» կառավարութենէն, Միջերկրականին մէջ կազի եւ նաւթի հետազօտական աշխատանքներ կատարելու վերաբերեալ։
Աւարտին «Ալ Արապիա» հասած է այն եզրակացութեան, որ թրքական ընկերութեանց հեռահար նպատակն է լիպիական շուկաներէն դուրս շպրտել իտալական «Իյնի», ֆրանսական «Թօթալ» եւ Բրիտանական «Պրիթիշ բերթրոլիոմ» ընկերութիւնները, որոնք մինչեւ պատերազմի սկիզբը մեծ ծրագիրներ սկսած էին լիպիական ջուրերուն եւ նաւթահորերուն մէջ։