Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան մարտիկները երէկ գիշեր վար առած են իսրայէլեան անօդաչու սարք մը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Մայատին» կայանը։
Աղբիւրը նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է լիբանանեան հարաւի «Ռամիյա» գիւղին վերեւ։ «Հըզպալլա»ի աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, որ անօդաչու սարքը փոխանցուած է կազմակերպութեան համապատասխան մարմիններուն քննութիւն կատարելու համար։
Իր կարգին Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ անօդաչու սարքին վար առնուիլը «մեծ բան մը չէ», հաւաստելով, որ սարքը կը գտնուէր սովորական աշխատանքի մէջ եւ անոր մէջ Top secret մակարդակի տեղեկութիւններ չկան։