image

Վնասներ կրած է իսրայէլեան «Էյլաթ Աշկելոն» նաւթամուղը

Վնասներ կրած է իսրայէլեան «Էյլաթ Աշկելոն» նաւթամուղը

Կազայի հատուածէն Իսրայէլի տարածքի հրթիռակոծութեան հետեւանքով վնասուած է իսրայէլական «Էյլաթ-Աշկելոն» նաւթամուղը, կը հաղորդէ իսրայէլեան Kan ռատիոկայանը:

Իսրայէլեան աղբիւրները տեսանիւթեր կը տեղադրեն, ըստ որոնց՝ վնասուած նաւթամուղն ու նաւթային պահեստարաններէն մէկը հրդեհուած են:

Կազայի տարածքէն հրթիռակոծութեան հետեւանքով Իսրայէլի շարք մը շրջաններու մէջ անկարգութիւններ սկսած են, մասնաւորապէս՝ հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Արարա բնակավայրին մէջ: Խումբ մը արաբներ փողոցներ փակած են, անիւներ ու աղբարկղեր այրած, պաղեստինեան խորհրդանշաններ ցուցադրած, իսկ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տարբեր տեսանիւթերու համաձայն՝ անկարգութիւններ տեղի կ'ունենան նաեւ Երուսաղէմի մէջ:

Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը վերջին ժամերուն աւելի սրած է: Իսրայէլեան աղբիւրները կը յայտնեն, որ պաղեստինեան կողմը տասնեակ հրթիռներ արձակած է մայրաքաղաք Թէլ Աւիւի ուղղութեամբ:

ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է, որ Թէլ Աւիւի ուղղութեամբ 130 հրթիռ արձակած են:

Լարուածութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ սկսած է աճիլ ապրիլի կէսերէն, իսկ 7 մայիսին իսրայէլեան սահմանապահ ոստիկանութեան եւ պաղեստինցիներու բախումները սկսած են մէկանգամէն երկու վայրի մէջ՝ Տաճարի լեռան եւ Շէյխ Ժարրահի շրջանին մէջ, ուր դատարանի որոշման համաձայն` Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերը կը վտարեն քանի մը արաբական ընտանիքներ, որու պատճառով ալ բռնի բախումներ կ'արձանագրուին: