Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին «Հըզպալլա» կը շեշտէր, որ ինք պիտի ձգտի 8 մարտի իր սիւննի դաշնակիցները ներկայացնել, սակայն քաղաքական յետագայ զարգացումները այլ բան կ'ապացուցեն:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, 8 մարտի սիւննիները չկարողացան մէկ անուան տակ համախմբուիլ եւ երկու նախարարներով մուտք գործել կառավարութեան կազմին մէջ, այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրն սկսաւ ինք իր համար առանձին աթոռ պահանջել կամ շարունակել իր լարուած դիրքորոշումը Հարիրիի նկատմամբ:
Ըստ տեղական աղբիւրներու, 8 մարտի ուժերը հնարաւորութիւն պիտի չունենան մէկէ աւելի նախարարով մաս կզմել նորակազմ կառավարութեան կազմին, հետեւաբար «Հըզպալլա» պէտք է ճնշում բանեցնէ կողմերէն մէկուն վրայ, ի շահ միւս կողմին, բան մը, որ անկարելի է, որովհետեւ վերջինս չի պատրաստուիր իրեն դաշնակից ուժերու հետ բախում ունենալ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, 8 մարտի ուժերուն միջեւ նախարարի աթոռի վերաբերեալ անհամաձայնութիւն ստեղծուելու պարագային, անոնք բոլորովին պիտի զրկուին այդ աթոռէն: