image

Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի Մէջ Ներկայ Եղաւ Սուրիահայու Մը Յուղարկաւորութեան

Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի Մէջ Ներկայ Եղաւ Սուրիահայու Մը Յուղարկաւորութեան

Այսօր, Երեւանի Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս, երեւանաբնակ սուրիահայու՝ Պօղոս Իսքանտար Գարատանայեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուած էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը, որ իր անակնկալ եւ անսպասելի ներկայութեամբ շատ պատշաճ կերպով մասնակից դարձած էր ննջեցեալին վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու՝ համախմբուած սուրիահայ հարազատներու եւ բարեկամներու վիշտին, պատուած ըլլալով անոր սգակիր ընտանիքի պարագաներուն եւ հարազատներու կորուստը: Տիկ. Հրանուշին ուղեկցած էր նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Ֆիրտուս Զաքարեանը:

Թաղման արարողութեան ծիսակատարաութիւնը կատարած են Երեւան գտնուող Բերիոյ Հայոց Թեմէն Տէր Հայկազ Քհն. Մասոյեանը եւ Սարկաւագ Րաֆֆի Գույումճեանը:

 

 

Յիշեցնենք, որ լուսահոգի պրն. Պօղոս Գարատանայեանը իր մահկանացուն կնքած էր Երեւանի մէջ 23 Յունուար 2016-ին: Ան ծնած էր Տէօրթ Եոլ 1933 -ին, 1938-ին տեղափոխուած էր Հալէպ, ուր անցուցած էր իր ամբողջ կեանքը՝ մինչեւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակի մէջ յայտնուիլը, որու հետեւանքով ան 2012-էն ի վեր իր ընտանիքի հետ միասին կայք հաստատած էր Երեւան: