6 եւ 7 յունիսին ատրպէյճանկաան կողմը դիմած է ՀՀ Զինուած ուժերու հրամանատարութեան՝ խնդրելով թոյլատրել որոշ քաղաքացիներու մօտենալ Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներ, այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջի վրայ յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը:
«Նման խնդրանք այդ հատուածի մէջ ատրպէյճանական կողմը յայտնած է առաջին անգամ։ Հայկական կողմը` հաւատարիմ ըլլալով մարդասիրական նորմերուն եւ մշտապէս կատարելով լարուածութեան թուլացման քայլեր, համաձայնած է թոյլատրել խաղաղ բնակիչներուն կարճ ժամանակով մօտենալ գերեզմանատեղիին», - նշած է Արծրուն Յովհաննիսեան: