image

ՀՀ Զինուած Ուժերը Ատրպէյճանցի խաղաղ բնակիչներուն իրենց գերեզմանները այցելելու հնարաւորութիւն տուին

ՀՀ Զինուած Ուժերը Ատրպէյճանցի  խաղաղ  բնակիչներուն իրենց գերեզմանները այցելելու   հնարաւորութիւն   տուին

6 եւ 7 յունիսին ատրպէյճանկաան կողմը դիմած է ՀՀ Զինուած ուժերու հրամանատարութեան՝ խնդրելով թոյլատրել որոշ քաղաքացիներու մօտենալ Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներ, այս մասին իր  ֆէյսպուքեան էջի վրայ յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը: 

 

«Նման խնդրանք այդ հատուածի մէջ ատրպէյճանական կողմը յայտնած է առաջին անգամ։ Հայկական կողմը` հաւատարիմ ըլլալով մարդասիրական նորմերուն եւ մշտապէս կատարելով լարուածութեան թուլացման քայլեր, համաձայնած է թոյլատրել խաղաղ բնակիչներուն կարճ ժամանակով մօտենալ գերեզմանատեղիին», - նշած է Արծրուն Յովհաննիսեան: