image

ՀԵԴ անդամներ բողոքի ցոյց կատարեցին «Երիտասարդ թուրքերը» խորագրով յայտագրին դէմ

ՀԵԴ անդամներ բողոքի ցոյց կատարեցին «Երիտասարդ թուրքերը»  խորագրով  յայտագրին դէմ

ՀԵԴականները բողոքի ցոյց մը կատարեցին «Երիտասարդ թուրքերը» անուով յայտագիրին գրասենակին առջեւ, պահանջելով անոր պատասխանատուներէն, որ փոխեն հայութեան համար վիրաւորական նկատուող այդ անունը։

Լրատուական եւ վերլուծական յայտագիրը, որ իր արտադրողներուն կողմէ «յառաջդիմական» կը նկատուի, կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած քաղաքական կուսակցութեան անունը։

ՀԵԴականները իրենց պաստառներուն վրայ գրած էին՝ «Երիտասարդ թուրքերը ցեղասպան են», «Դուն քեզ յառաջդիմական կը նկատես, իսկ ես՝ բռնարար» եւ այլ լօզունգներ։