Խօսքին մէջ ներկայացուցած գնահատականներու կարեւորութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր` Շահան Գանտահարեանի երէկ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ մեկնարկած լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի բացման նիստին արտասանած խօսքը: Յիշեցնենք, որ Գանտահարեան լրագրողներու համահայկական համաժողովի կազմակերպիչներէն է:
Լրագրողներու համահայկական նախանցեալ՝ 5-րդ համաժողովը յստակացուցած էր տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներ: Այդ քննարկումները կը վերաբերէին նաեւ հայ ժողովուրդի սանձազերծուած ապատեղեկատուութեան հակազդելու, ծուղակ չէզոքացնելու, նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերելու եւ ճգնաժամերու ստեղծման ծրագրին համարժէք օփերաթիւ աշխատելու անհրաժեշտութեան:
Այսօր, փաստ է արդէն, որ այդ քննարկումները իրենց նպաստը ունեցան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ համատարած համալրում ընթացաւ, որ իրօք հայկական լրատուադաշտը իրականացուց իր առջեւ դրուած տեղեկատուութեան բարդ խնդրիները, բնականաբար ուղեցոյց ունենալով ՀՀ-ի համապատասխան գերատեսչութեան եւ Մամուլի բաժանմունքներու իրականացուցած փայլուն կատարողականութիւնը եւ անոնց տրամադրած լրատուական բովանդակութիւնը: Կեդրոնանանք այդ օրինակին վրայ:
Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. Բնականաբար ապրիլեան կայծակնային նախ-յարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը:
Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ չէր ըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ եւ յատկապէս միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու բազմաբնոյթ առաքելութիւններով կը յատկանշուի:
Հիմնական տարբերութիւնը, որ երեւցաւ հայկական եւ ազրպէյճանական տեղեկադաշտերուն միջեւ, առաջինին ամբողջովին բաց եւ երկրորդին ամողջովին փակ աշխատելու եղանակն էր: Արցախ հասած հայ թէ օտար լրագրողները որեւէ դժուարութիւն չեն դիմագրաւած. անոնց հասանելի դարձած են ոչ միայն պետական գերատեսչութիւններու պաշտօնեաներ, այլ նաեւ հասարակական գործիչներ, կամաւորներ, բանակայիններ, ծառայողներ: Մինչ ազրպէյճանական կողմէն լրագրողներու աշխատանքը պայմանաւորուած էր համապատասխան հաստատութիւններու ուղղորդումներով, յատուկ թոյլտուութիւններով եւ միտումներով, այլ ընդհակառակը քարոզչական ուղղուածութեան գերադասումով յաճախ խուճապ ստեղծելու:
Ահա այստեղ է, որ զգայացունց լուր թողարկելու, լրատուութեան սկզբնաղբիւրի վերածուելու մղումները պէտք է մղուին երկրորդ փլան, չըսելու համար, որ պիտի վերանան:
Խուճապահարումը այս կամ այն լրատուամիջոցին եւ անոր ետին կանգնած պետութեան մը առաջնահերթութիւնը կրնայ ըլլալ քաղաքականօրէն հասկնալի պատճառներով:
Հայկական լրատուամիջոցը ճգնաժամային որեւէ հանգրուանի գործելու է իրեն յատուկ կանոններով:
Այդ կանոններու մշակումն է առաջնային եւ որոնց ձեւաւորման համար մեծապէս օգտակար են սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գումարուող լրագրողներու համահայկական համաժողովները, ընդ որում այս համաժողովը: