image

«Այնթապի հայերը» Թուրք մտաւորականը հայերու մասին գիրք պատրաստած է (Լուսանկար)

«Այնթապի հայերը» Թուրք մտաւորականը հայերու մասին գիրք պատրաստած է (Լուսանկար)

 

Harvard University Press հրատարակչութեան կողմէ ապրիլ ամսուն լոյս պիտի տեսնէ ԱՄՆ Մասաչուսսեթս նահանգի Քլարք համալսարանի թուրք դասախօս Ումիթ Քուրթի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքը: Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին տեղեկացուցած է նոյն համալսարանի թուրք յայտնի պատմաբան, փրոֆեսոր Թաներ Աքչամը, որ յայտնի է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող հայեացքներով:

 

«Այնթափի հայերը. Ցեղասպանութեան խնայողութիւնը Օսմանեան վիլայէթի մը մէջ» վերնագիրով գիրքը հիմնուած է Ումիթ Քուրթի դոկտորական աշխատանքին վրայ։

Ումիթ Քուրթը ցեղասպանութեան մասին այլ գիրքի մը՝ «Օրէնքներու ոգին. Հայոց Ցեղասպանութեան հետքերը փնտռելով «Լքեալ գոյքեր»ու մասին օրէնքներուն մէջ» համահեղինակմերէն մէկն է փրոֆեսոր Թաներ Աքչամի հետ։   

 

Возможно, это изображение (3 человека и текст «The Armenians of Aintab The Economics of Genocide in an Ottoman Province Ümit Kurt»)