image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը ջանքեր պիտի չխնայէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հետ համատեղ հասնելու հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման.Սերժ Սարգսեանը` Ժոզէֆ Տոլին

Հայաստանը ջանքեր պիտի չխնայէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հետ համատեղ հասնելու հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման.Սերժ Սարգսեանը` Ժոզէֆ Տոլին

Հայաստանը, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանին, բնաւ չի ցանկար, որպէսզի մեր տարածաշրջանը եւս մէկ անգամ ընկղմի պատերազմի մղձաւանջին մէջ: Այս մասին, այսօր` 27 փետրուարին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզէֆ Տոլի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցով կը գտնուի Պելճիքայի Թագաւորութիւն:

ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին, Հայաստանի մէջ իրականացուող համընդգրկուն բարեփոխումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի անցման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու յետագայ զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստութեան:

Սերժ Սարգսեան եւ Ժոզէֆ Տոլ քննարկած են նաեւ միջազգային հարթակներու մէջ ԵԺԿ գործընկերներու հետ Հայաստանի փոխգործակցութեան, ընդհանուր խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու վերաբերող հարցեր, մտքեր փոխանակած են միջկուսակցական կապերու ամրապնդման վերաբերեալ:

Նշելով, որ Պելճիքա իր աշխատանքային այցի ընթացքին Եւրոմիութեան ղեկավարութեան հետ նախատեսուած են յագեցած եւ բովանդակալից օրակարգով հանդիպումներ ու քննարկումներ, Հանրապետութեան նախագահը ԵՄ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ մեծ դեր վերապահած է ԵԺԿ-ին` որպէս Եւրոպայի ամենաազդեցիկ քաղաքական ուժի: Նախագահ Սարգսեանը մեծապէս կարեւորած է ԵԺԿ-ի հետ ՀՀԿ-ի համագործակցութեան շարունակական խորացումը եւ երախտագիտութիւն յայտնած Հայաստանին եւ ՀՀԿ-ին մշտապէս սատարելու պատրաստակամութեան ու գործնական աջակցութեան համար:

Հանրապետութեան նախագահը եւ ԵԺԿ նախագահը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին: Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է հակամարտութեան կարգաւորման հայկական կողմի մօտեցումները, իրավիճակը արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ, Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարը խախտելու, սադրիչ գործողութիւններու եւ իրավիճակի լարման մասին տեղեկութիւններ:

Նշելով, որ ԼՂ հակամարտութիւնը կը շարունակէ լրջագոյն մարտահրաւէր մնալ ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ եւրոպական անվտանգութեան համար` նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը, ինչպէս եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրները, խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չեն տեսներ եւ, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, բնաւ չի ցանկար, որպէսզի մեր տարածաշրջանը եւս մէկ անգամ ընկղմի պատերազմի մղձաւանջին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է, որ Հայաստանը ջանքեր պիտի չխնայէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հետ համատեղ հասնելու հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման, ինչ որ, նախագահի համոզումով, նաեւ միջազգային հանրութեան հաւաքական ընկալումն է: