«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պէտք է իր աչքերով տեսնէ Ատրպէյճանի՝ «բռնատիրութենէն» ազատագրուած տարածքները»,- կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղուած իր ելոյթին մէջ ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:
Ան նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրով երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու նոր փուլ սկսած է: Ըստ անոր, շատ շուտով Թուրքիան ու Ատրպէյճանը այս հռչակագրի շրջածիրէն ներս բազմաթիւ համաձայնագրեր պիտի ստորագրեն:
«Շուշիի մէջ մեր գլխաւոր հիւպատոսութեան հնարաւորինս շուտ բացումէն մինչեւ մօտ ապագային Զանգեզուրի միջանցքի գործարկումը մենք վճռականօրէն եւ արագօրէն պիտի իրականացնենք մեր օրակարգի իւրաքանչիւր կէտ: Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստին, որ մենք պիտի կայացնենք մեր երկրին մէջ առաջիկայ ամիսներուն, կը նախատեսենք ձեռնարկել բազմաթիւ քայլեր՝ կապուած այդ հարցերու հետ»,-ըսած է Էրտողանը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան, որ ինքը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ է, եղբայրական յարաբերութիւններու ամրապնդման շղարշի ներքոյ փաստացի Ատրպէյճանի գաղութացում կ'իրականացնէ: