Կառավարութեան այսօրուան նիստին արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը քննարկման ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան հետ մշակած նախագիծերու փաթեթ, որուն մէջ կ'առաջարկուի չերկարաձգել արտակարգ դրութիւնը:
Նախարարի խօսքով, օրէնքներու փաթեթը ընդունուելու պարագային, 11 սեպտեմբերէն ետք արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի, ատոր փոխարէն պիտի գործեն նոր փոփոխութիւններով սահմանուած սահմանափակումները: