image

Սիւնիքի մէջ իրադրութիւնը նոյնն է. ՀՀ ՊՆ

Սիւնիքի մէջ իրադրութիւնը նոյնն է. ՀՀ ՊՆ

Մայիս 12-ին եւ 13-ին, «սահմաններու ճշգրտման» պատրուակով ատրպէյճանական ԶՈւ կողմէ  Հայաստանի  Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներու հանդէպ իրականացուած ոտնձգութիւններէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը դեռ չէ փոփոխուած: Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Հայկական կողմը ատրպէյճանական զինուորականներին ներկայացրել է իր յստակ պահանջը` առանց որեւէ նախապայմանի ելման դիրքեր վերադառնալու վերաբերեալ:

Խնդիրը խաղաղ հանգուցալուծելու նպատակով դեռեւս մայիսի 12-ից սկսած բանակցութիւնները կը շարունակուին վաղը:

Այսօր առաւօտից համացանցում եւ տարբեր լրատուամիջոցներով շրջանառուող տեղեկութիւնները ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումների առաջխաղացման նոր դէպքերի մասին չեն համապատասխանում իրականութեանը: 

Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները  Մայիսին 13ից յետոյ ոչ միայն առաջ չեն եկել, այլեւ, հայկական Զու գործողութիւնների արդիւնքում ստիպուած են եղել հեռանալ որոշ տարածքներից:

Եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում ձեռնպահ մնալ չստուգուած, առաւել եւս կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց, մանաւանդ այսպիսի զգայուն խնդիրների շուրջ:

Իրադրութեան ցանկացած զարգացման դէպքում Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կը գայ համապատասխան յայտարարութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։