image
Հրատապ լուրեր:

Տոնպասի մէջ իրադրութիւնը կը ծանրանայ

Տոնպասի մէջ  իրադրութիւնը կը ծանրանայ

 

Տոնպասի մէջ իրավիճակը իսկապէս սրուած է, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին՝ աւելցնելով, որ ուքրանացի զինուորներուն վրայ կը կրակեն դիպուկահարները: Ան ընդգծած է, որ ուքրանական բանակը կը պատասխանէ հրաձգութեան՝ իր դիրքերէն:

«Իսկապէս, կայ իրավիճակի սրում Տոնպասի մէջ: Մենք բոլորս կը տեսնենք՝ ե՛ւ մարտիկները, ե՛ւ հրամանատարները: Կը հասկնանք, որ մեր տղաներու ուղղութեամբ կը կրակեն դիպուկահարները... Զինուորականները կ'ընեն ամէն ինչ պետութիւնը պաշտպանելու եւ հրադադարի ռեժիմը պահպանելու համար: Կը հասկնանք, որ եթէ կը թիրախաւորեն մեր մարտիկները եւ կան զոհեր, ապա բանակը կը պատասխանէ»,-ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ Տոնպասի մէջ իրավիճակը սկսած է սրուիլ 2021 թուականի սկիզբը: «Եթէ յուլիսէն մենք կը տեսնէինք, որ հրադադարի ռեժիմը կը գործէ, երբեմն կ'ուրախանայինք վիրաւորներու թիւի կրճատման առնչութեամբ, ապա այս տարուան սկիզբէն կայ 26 զոհ»,-ընդգծած է Զելենսքին:

Յիշեցնենք՝ Զելենսքին այցելած է Տոնպաս: Ան գտնուած է ուքրանական բանակի առաջնային դիրքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ պետական պարգեւներ շնորհած զինուորականներուն: