Հայութեան հարցերով հետաքրքրուող լիբանանցի արմատներով լրագրողուհի Լիլիան Տաուտ ձերբակալուելէ ետք արտաքսուած է Եգիպտոսէն : Ան մինչեւ վերջերս քաղաքական յայտագիր կը վարէր One T.V.կայանէն: Կայանին հետ իր ունեցած պայմանագրի աւարտին իրաւապահ մարմիններ ձերբակալած են Տաւուտը ու ապա ստիպած, որ ան հեռանայ երկրէն: Մինչեւ այս պահը անոր դէմ կալանքի պատճառները յստակ չեն: Ըստ Al Quds պարբերականին, Տաւուտ դուրս դրուած է երկրէն՝ նախագահ Մուրսիի դէմ իր ունեցած ընդդիմադիր կեցուածքներուն պատճառով: Տաւուտ երկար տարիներ եղած է BBC-Arabic կայանի Գահիրէի թղթակիցը: Տաւուտ անցեալ տարի լրագրողական պատուիրակութեան մը հետ ժամանած էր Երեւան եւ Հայոց Ցեղասապանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ յատուկ յայտագիր մը ներկայացուցած: Նշենք, որ One T.V. կայանը կը պատկանի եգիպտացի ընդդիմադիր գործիչ Նաժիպ Սաուիրէսին: