Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ տուժածները Տաւուշի մարզի Այրում համայնքի բնակիչներ են` 29-ը Այրումի դպրոցի 6-րդ դասարանի աշակերտներ, 14-ը՝ մեծահասակ: Խումբը նոյն օրը 2 հանրակառքով մեկնած է Շիրակի մարզ՝ էքսկուրսիա: Մասնակիցները Շիրակի մարզի «Ջարդի ձոր» կոչուող տարածքին մէջ կերած են տնային պայմաններու մէջ առաւօտեան պատրաստուած քէպապ, որ պահուած է ոչ սառնարանային պայմաններու մէջ:
Մանրէաբանական հետազօտութեան նպատակով հիւանդներէն կատարուած է նմուշառում: