image
Հրատապ լուրեր:

Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի նման առաջնորդ.Նիկոլ Փաշինեան

Հայ  ժողովուրդը  յաղթեց, որովհետեւ ունէր Արամ  Մանուկեանի  նման  առաջնորդ.Նիկոլ Փաշինեան

100 տարի առաջ այս օրը՝ 28 մայիս 1918 թուին, հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրուեցաւ աննախադէպ իրադարձութիւն մը՝ հիմնադրուեցաւ պետութիւն, ուր իշխանութիւնը կը պատկանէր ոչ թէ թագաւորին, ոչ թէ իշխաններուն, այլ՝ ժողովուրդին, այդ պատճառով ալ այս երկիրը կոչուեցաւ Հանրապետութիւն: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսպէս սկսաւ իր ելոյթը Սարդարապատի յուշահամալիրի մէջ՝ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառման:

 

«Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ հայ ժողովուրդը ոչ թէ հպատակ էր, այլ քաղաքացի, ոչ թէ ծառայ էր, այլ՝ տէր: Եւ սա ճակատագրական շրջադարձ էր, ի հարկէ, դա առայժմ միայն կարգավիճակի փոփոխութիւն էր, բայց այդ կարգավիճակը հայ ժողովուրդը ոչ թէ նուէր ստացաւ ինչ-որ մէկից, այլ նուաճեց քրտինքով եւ արիւնով»,- ըսած է վարչապետը: 

Հայ ժողովուրդը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, յաղթեց որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի պէս առաջնորդ։

 

«Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր այնպիսի զօրահրամանատարներ, ինչպէս Թովմաս Նազարբեկեան, Դրօ, Դանիէլ Բէկ Փիրումեան: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ որոշեց յաղթել, հայ ժողովուրդը յաղթեց եւ դրանից յետոյ հայ ժողովուրդը յաղթել է բոլոր այն դէպքերում, երբ որոշել է, որ պէտք է յաղթի, երբ հաւատացել է ինքն իրեն, իր բազկին, իր մտքին, իր անցեալին եւ ապագային»,- ըսած է ան՝ նշելով. «իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտակցի, որ ինքն է իր երկրի տէրը, եւ տիրոջ այդ զգացումը ոչ միայն իրաւունք է, այլ նաեւ պարտականութիւն, այլ նաեւ պատասխանատուութիւն»:


Նիկոլ Փաշինեանը նշեց, որ 2018 թուականին՝ Սարդարապատի հերոսամարտէն հարիւր տարի յետոյ, հայ ժողովուրդը տարաւ իր հերթական փառահեղ յաղթանակը՝ սեփական իշխանութիւնը հաստատելով սեփական հայրենիքի մէջ: 

 

«Այդ յաղթանակը նոյնքան անհնար էր թուում: Շատերը մինչեւ օրս հարց են տալիս՝ ինչպէ՞ս դա եղաւ: Պատասխանը հետեւեալն է՝ հայ ժողովուրդը հերթական անգամ յոյսը դրաւ իր եւ ոչ թէ ուրիշներու վրայ, հայ ժողովուրդը հաւատաց ինքն իրեն, իր ուժերին եւ իր ապագային, հայ ժողովուրդը պէտք է յաղթէր, որովհետեւ իր երակներով հոսում էր Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի հերոսների արիւնը»,- ըսած է Փաշինեան:


Հայ ժողովուրդը, ըստ վարչապետի, հիմա կ'ապրի իր պատմութեան ամենափառապանծ էջը, երբ երկրի մէջ հաստատուած է ժողովուրդի անշրջելի իշխանութիւն:


«Եւ այլեւս երբեք, այլեւս երբեք որեւէ մէկը չի համարձակիր ժողովուրդին նուաստացնել ընտրակաշառքի, վարչական հարկադրանքի կամ որեւէ այլ միջոցով: Հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու թռիչքը կասեցնելու, ժողովրդի յոյսն ու լաւատեսութիւնը կոռուպցիայի (փտածութիւն) ու ամենաթողութեան մէջ խեղդելու ցանկացած փորձ կ'արժանանայ ջախջախիչ հակահարուածի: Եւ այլեւս Հայաստանի Հանրապետութեան յաղթական քաղաքացին թոյլ չի տայ պետականութեան կամ քաղաքացիութեան կորուստ, ինքնիշխանութեան եւ իրաւունքի, հաւատի եւ լաւատեսութեան կորուստ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է Երկիր մոլորակի վրայ գոյութիւն ունենայ յաւիտեան: ՀՀ դրօշը պէտք է յաւիտեան ծածանի՝ խորհրդանշելով մեր ոգին ու հպարտութիւնը, մեր ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»,- եզրափակած է վարչապետը: