image

Հայ ուսուցիչը նաւապետի նման է, ան մինչեւ վերջին պահ պիտի մնայ պատնէշի վրայ. Մարգրիտ Շամլեան-Մուրատեան

Հայ ուսուցիչը նաւապետի նման է, ան  մինչեւ վերջին պահ պիտի մնայ պատնէշի վրայ. Մարգրիտ Շամլեան-Մուրատեան

Հնգամեակէ մը ի վեր Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմի ժխտական ազդեցութիւններուն մասին անդրադառնալով՝   Հալէպի Կրթասիրաց «Սարգիս Չէմպէրճեան» վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Մարգրիտ Շամլեան- ուրատեան ըսաւ. «Պատերազմ բառը վերլուծութեան կամ բացատրութեան կարիք չունի: Կեանքի առաջին տարին բոլորած մանչը առաջին անգամ հրացանը ձեռքը վերցնելով առանց մտածելու կամ վարանելու ճիշդ կը բռնէ, նշան կ՛առնէ եւ կը կրակէ: Ըստ երեւոյթին, տարածքներ գրաւելը, իշխելու ցանկութիւնը եւ ինքնապաշտպանութեան ձեւերը ժառանգաբար կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Եւ որքան որ մարդ արարածը ինքզինք քաղաքակիրթ կը ձեւացնէ, ինքնաբերաբար կը հետեւի իր ժառանգական հակումներուն: Իսկոյն պատերազմը կը դիմէ իր քանդիչ «առաքելութեան», նօսրացնելով խաղաղ բնակչութեան թիւը»:

Ապա պատասխանելով այն հարցին, թէ ամպամած Հալէպի երկնակամարին ներքեւ դպրոց պահելը, հայը հայ պահելը արկածախնդրութեան համազօր աշխատանք է և ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէ գաղութէն ներս հայկական վարժարանները կանգուն պահելու նպատակով տարուած աշխատանքները, Տիկին Մուրատեան   ըսաւ.  «Երկարաշունչ պատերազմ, քանդում, աւեր, անապաստանեալներու մեծ բազմութիւն ու մարդկային զոհեր եւ այս գորշ խճանկարին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու հաստատ մնալու յամառ պայքար: Այսպէս է իրավիճակը այսօր, բայց զարմանալիօրէն պայքարի չթուլացող ուժով մշակուած իւրաքանչիւրի հենած հայկական ամուր պարիսպը, տակաւին կանգուն է: Ազգը կանգուն է, պահպանելով ազգայինը, եւ անոր լաւագոյն գրաւականը հայկական կրթօճախի պահպանումն է:

Պարտիմ նաեւ ըսել, որ պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր ոչ մէկ հայ աշակերտu զերծ մնաց իր կրթական հաստատութեան հետեւողական խնամքէն եւ հոգատարութենէն, յանձինս աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարեսիրական հաստատութիւններու օժանդակութեան:

Հալէպի բոլոր կրթօճախները կ՛առաջնորդուին մէկ նշանաբանով. «Հայ աշակերտը պիտի յաճախէ հայկական դպրոց եւ ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն», սակայն  բնականաբար կը նուազի հայութեան թիւը, քանի որ երկարող պատերազմը կը ջլատէ  մարդոց ուժն ու համբերանքը, տկարացնելով կամքը: Երանելի է Հալէպը առանց մահուան վտանգի, հրթիռներու ու հրասանդերու մահազդու  ներկայութեան: Գաղութը կը պահպանուի միայն խաղաղութեան   հաւատացող եւ նախորդներու ստեղծած      նիւթական եւ մշակութային արժէքները պահպանելու չտկարացող կամքն ունեցող    թթխմորուած       հայերով»:

Աւարտին, ան լուսարձակի  տակ առնելով հայ   ուսուցիչի առաքելութիւնը ըսաւ. «Ինչպէս որ    նաւապետը վերջինն է, որ կը լքէ նաւը    փորձութեան ժամանակ, նոյնպէս ալ հայ    ուսուցիչը պիտի մնայ հայկական դպրոցին մէջ, նոյնիսկ եթէ միայն մէկ հայ աշակերտ մնայ:

Այս առումով մտահոգիչ կրնայ ըլլալ վիճակը, բայց ոչ՝ յուսահատական»: