Արժէք բառը այն ինքնուրոյն բառն է, որուն մէջ երեւոյթներ, պատահարներ, անձեր, հաստատութիւններ իրենց իմաստը կը ստանան: Բան մը արժեւորել կը նշանակէ անոր իսկութեան մէջ մտնելով զայն յաւերժացնել: Կան արժէքներ, որոնք անմահ են ու կը ներշնչեն հաւաքականութիւններ կամ անհատներ, որոնք գերագոյն օրինակ առնելով՝ կը հետեւին ու իրենց կեանքին մէջ կ՛իրագործեն տուեալ արժէքները:
Հայ ժողովուրդը ունի շատ մը արժէքներ, որոնց կարգին է ու առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Հայ Դպրոցը: Այս օրրանը արժէքներու բոյն մըն է. հոն արժէքներ կը մատուցուին մատղաշ սերունդին, հոն կը պահպանուին, կ՛ապրուին ու նոր արժէքներ կը ծնին:
Արժէքը կը գնահատուի երբ ան կը պահպանուի, այլապէս կրնայ անհետ կորիլ ու այլեւս չյիշուիլ: Հայ դպրոցը իր ոգեղէն պատերէն ներս այնպիսի պատկեր մը կ՛ուրուագծէ, ուր սերունդներ կը կերտուին, կը սնանին ապագայատեսիլ նպատակով, դառնալու ազգի ղեկավարներ մեծ բարիք մատուցելով հայ ժողովուրդին:
Հոգեւոր ու ազգային գիտակցութիւնը, ոգին ու կրթութիւնը կը հանդիսանան Հայ դպրոցի իմաստը ու գոյութեան հիմքը: Հայ դպրոցը ամէն բանէ առաջ ու աւելի Հայ եւ Քրիստոնեայ երկու անմասն իրողութիւններու գոյութեան երաշխիքն է:
Հայ դպրոցը առաջին հերթին կը դաստիարակէ հայ աշակերտը հայերէն աղօթելով սկսելու իր ուսումնական օրը: Աղօթքը, որ կը կազմէ Քրիստոնէական հաւատքի էութիւնը, ահաւասիկ կը կազմէ Հա՛յ դպրոցի ալ էութիւնը: Հայ գիրի ու գրականութեան մեր Ս. Տիտանները, Մեսրոպեան շունչով տոգորուած, հայ լեզուն ստեղծեցին հայերէն աղօթելու ու ընդհանրապէս ՀԱՅԱՆԱԼՈՒ համար ու այնպէս ալ մնալու:
Հայ դպրոցին մէջ Աստուծոյ Խօսքը մարմին կ՛առնէ հայ աշակերտին շրթներէն ու հոգիէն բխած հայ աղօթքով, հայերէն երգելով, հայերէն ընթերցելով ու զրուցելով: Հայ լեզուի պահպանումը գուցէ սփիւռքեան գաղութներուն մէջ այսօր մարտահրաւէրներու դիմաց կը կանգնի, իրականութիւն մը որմէ խուսափիլը կը պահանջէ գերագոյն ճիգ ու անանձնական զոհողութիւն:
Հայ դպրոցին մէջ հայ եկեղեցւոյ ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ներկայութիւնը անժամանցելի ու յոյժ կարեւոր ներկայութիւն են, որովհետեւ մեր ազգային գոյութեան զօրաւոր հիմքն է հայ անհատի հաւատքը առ Աստուած:
Ուրեմն արժեւորելով հայ դպրոցը, նեցուկ կանգնելով ու գուրգուրալով հայ դպրոցին, մենք կ՛ապահովենք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու յաւերժականութիւնը:
Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան
«Ասպարէզ»