Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքիլ Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն կանչուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ «Վի. Տի. Էլ.» կայանին կողմէ։
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ դեսպանը դեսպանատուն կանչուած է վերջերս Թուրքիոյ ԱԳՆ-ին կողմէ Լիբանանի նախագահի հասցէին հնչած վիրաւորական խօսքերուն մասին բացատրութիւններ տալու նպատակով։
Յիշեցնենք, որ անցնող երկու օրերէն սկսեալ Պէյրութ- Անգարար դիւանագիտական բացայայտ լարուածութիւն մը երեւելի դարձած էր։
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի Օսմանեան կայսրութեան մասին կատարած յայտարարութիւնները չէին մարսուած Թուրքիոյ դիւանագիտութեան գլխաւոր կառոյցին՝ ԱԳՆ-ին կողմէ, որուն ի պատասխան Անգարա վիրաւորական արտայայտութիւններ պարունակող հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր։
Լիբանանի նախագահը խօսելով անցեալ դարասկիզբին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան վարմունքին մասին ըսած էր, որ օսմանցիներու արարքները «պետական ահաբեկչութիւն» էին։