image

Հաքքան Չաքիլ Լիբանանի ԱԳ Նախարարութիւն կանչուեցաւ

Հաքքան  Չաքիլ    Լիբանանի   ԱԳ Նախարարութիւն   կանչուեցաւ

Լիբանանի մօտ   Թուրքիոյ դեսպան    Հաքքան Չաքիլ    Լիբանանի  Արտաքին Գործոց նախարարութիւն կանչուած է։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ «Վի. Տի. Էլ.»  կայանին կողմէ։

 Աղբիւրը նաեւ  յայտնեց,  որ   դեսպանը    դեսպանատուն կանչուած է     վերջերս Թուրքիոյ ԱԳՆ-ին   կողմէ Լիբանանի նախագահի հասցէին հնչած   վիրաւորական  խօսքերուն մասին  բացատրութիւններ տալու նպատակով։

 

 Յիշեցնենք, որ      անցնող   երկու օրերէն սկսեալ  Պէյրութ- Անգարար  դիւանագիտական  բացայայտ  լարուածութիւն    մը երեւելի  դարձած էր։

 

 Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ  Աունի  Օսմանեան  կայսրութեան մասին   կատարած   յայտարարութիւնները   չէին մարսուած  Թուրքիոյ դիւանագիտութեան գլխաւոր  կառոյցին՝  ԱԳՆ-ին կողմէ, որուն ի պատասխան    Անգարա  վիրաւորական   արտայայտութիւններ պարունակող    հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր։

 

 Լիբանանի նախագահը       խօսելով անցեալ դարասկիզբին  ընթացքին    Օսմանեան  կայսրութեան   վարմունքին մասին  ըսած էր, որ օսմանցիներու  արարքները    «պետական  ահաբեկչութիւն» էին։