Հալէպահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Ռոպէրթ Սուլահեանի կարծիքով, սխալ է Հալէպի ղեկավարութիւնը քննադատելը: Սիւլահեան այս մասին «Արեւելք»ին խօսելով ըսաւ. «Մենք դէմ ենք՝ հալէպահայ պատասխանատուները քարկոծելու, անոնք, որ չփախան եւ Հալէպ մնացին, որպէսզի կարենան ժողովուրդին օգտակար դառնալ: Այդ մարդոց քննադատելը անիմաստ է: Քիչ կամ շատ՝ բոլորն ալ բաներ մը ըրին: Մենք փախանք, դուրս ելանք, իրենք մնացին: Անոնք աւելի արժանի են գովաբանութեան, քան՝ քարկոծման»: Մեր խօսակիցը, խօսելով այսօր Հալէպէն հեռանալու կամ մնալու թեմային մասին նշեց. «Ամէն մարդ ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու: Ըստ մէկուն, «պէտք է հայերը դուրս ելլեն», միւսը կ′ըսէ՝ «պայման չէ բոլորը դուրս ելլեն», ուրիշ մը՝ «կէսը թող ելլէ կէսը թող մնայ» կ′ըսէ: Ամէն մէկը կարծիքը կու տայ, բայց ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, որ այսինչը հոն մնաց, քանի որ հոն դրամ կը շահի պատերազմական վիճակէն օգտուելով: Այդպէս բան չկայ: Ո՛չ ալ, թող քարկոծեն ղեկավարները եւ մեղադրելով զանոնք ըսեն, թէ ղեկավարներն են յանցաւորը, որ հալէպահայերը դուրս չբերին»:
Անդրադառնալով սփիւռքի պահպանման եւ գոյատեւման համար Հալէպի ունեցած մեծագոյն դերակատարութեան, ան նշեց. «Եթէ մեր սփիւռքի պատմութեան նայինք, արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, որո՞նք եղած են խմբագիրները (մեծ մասամբ, անշուշտ), որո՞նք եղած են դպրոցներու ուսուցիչները, հայերէնի ուսուցիչները, կը կրկնեմ մեծ մասամբ, ամբողջ սփիւռքի տարածքին տնօրէնները, միութեան ղեկավարները ուրկէ՞ էին: Պատասխանը` բնականաբար Հալէպէն: Միշտ Հալէպն է, որ տուած է այդ աւիշը եւ եղած է այդ արիւնը փոխանցողը, այդ արեան կանչը փոխանցողը: Եթէ սփիւռքի միւս գաղութները քիչ կ'ապրէին ու այսօր ալ կ'ապրին, պատճառը հալէպահայերուն հիմնական դերակատարութիւնն է: Ուրեմն Հալէպը պէտք չէ քանդուի, Հալէպը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը, պէտք է վերապրի: Ես համաձայն չեմ այն արտայայտութեան, թէ «Հալէպը վերջացաւ»: Հալէպը չվերջացաւ, ո՛չ ալ կը վերջանայ: Մայր գաղութը, առաջին գաղութը, մեր գրաւուած հողերու սահմանակից առաջին ամենամեծ գաղութը, Հալէպը, չի կրնար վերջանալ, չի կրնար մեռնիլ: Եթէ կոչեր կան Հալէպը պահպանելու, այդ չի նշանակէր, որ գացողներուն կ′ըսեն՝ մի երթաք: Այդպէս բան չկայ: Եթէ որոշ ղեկավարներ իրենց զաւակները դուրս տեղափոխած են ապահովութեան համար, իսկ իրենք հոն կեցած, այդ իսկ փաստ է, որ իրենց կեանքը վտանգի կ′ենթարկեն, իրենց ընտանիքներէն բաժնուած կ′ապրին, պարզապէս, որպէսզի այնտեղի գաղութին հոգատարութիւն ցուցաբերեն, եւ անոնց պէտքերը ապահովեն, կարելի եղած չափով»:
Սիւլահեան, անդրադառնալով հալէպահայութեան ներկայ տագնապալի իրադրութեան եւ շատ մը հալէպահայերու քաղաքէն հեռանալու վերաբերեալ արձակած կոչերուն, ըսաւ. «Պէտք է նկատի առնենք, որ երբ կ′ըսենք, «Հալէպը պէտք է պահենք», այդ չի նշանակէր, թէ պարտադրաբար մարդոց հոս պիտի պահենք, չի նշանակէր, որ մարդոց պիտի ստիպենք կամ պիտի համոզենք, որպէսզի չ′երթան Հալէպէն, այլ մնան վտանգի տակ եւ այլն: Անոնք, որոնք կը փափաքին դուրս գալ Հալէպէն, իրենց օգտակար պէտք է դառնանք, ղեկավարութիւնը պէտք է իրենց օգատակար դառնայ, մանաւանդ անոնց, որոնք երեխաներ ունին, պէտք է անոնք ապահով տեղ մը փոխադրուին, եթէ այդպէս կը փափաքին: Իսկ այն ընտանիքները, որ չեն ուզէր ելլել Հալէպէն, անոնց դուրս հանելու մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է:
Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, բայց սուրիահայն ալ 100 տարիներէ ի վեր կ′ապրի այս հայրենիքին մէջ, նոր հայրենիքին մէջ, իր մէջ այլեւս արմատացած է Սուրիոյ հանդէպ պատկանելիութիւնը, այնպէս ինչպէս լիբանանահայերուն մօտ արմատացած է Լիբանանի հանդէպ պատկանելիութիւնը: Երբ Լիբանանի ղեկավարները կ′ըսեն՝ «Մենք անկարելի է Լիբանանէն ելլենք, իբր քաղաքացիներ՝ մեր իրաւունքները ունինք, մենք նախարար ու երեսփոխան ունինք», սուրիահայերը ի՞նչ կը տարբերին անոնցմէ: Ընդհակառակը, Հալէպը քիչ մըն ալ աւելի հին է, որպէս գաղութ, քան՝ Լիբանանի գաղութը: Ինչո՞ւ մենք պիտի քանդենք Հալէպը: Որպէս գաղութ, ծրագրով մը քանդելու իրաւունք չունինք»,-բացատրեց ներկայիս Լիբանան ապրող Սիւլահեան:
«Անոնք, որոնք կ′ուզեն ելլել, ազատ են, շատ պարզ է: Ընդհակառակը պէտք է անոնց օգտակար դառնալ ամէն ձեւով, ըլլայ Հայաստանէն, ըլլայ նախկին սուրիահայերէն, ըլլայ հայ մեծահարուստներէն, թէեւ շատ մեծ յոյս չունիմ Հայաստանի հարուստ աւագներէն, բայց անշուշտ օգտակար դարձողներ կան»,- եզրափակեց ան: