image

«Հայ Դատի» արձագանգը՝ ԱՄՆ վարչակազմի՝ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու արգելքի ժամանակաւոր կասեցման

«Հայ Դատի» արձագանգը՝ ԱՄՆ վարչակազմի՝ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու արգելքի ժամանակաւոր կասեցման

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը երկարացուցած է «Ազատութեան աջակցութեան ակտի» 907-րդ ուղղման կասեցումը, որ կը նշանակէ, որ կը թոյլատրուի ԱՄՆ ուղիղ օգնութիւնը Ատրպէյճանին։

Այդ կապակցութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) նշած է՝  երկրի նախագահ Ճօ Պայտընը, «որ իր նախորդին՝ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբին կոչ կ'ընէր Ատրպէյճանի նկատմամբ  «Ազատութեան աջակցութեան ակտը» կիրառելու, որոշած է հրաժարիլ Քոնկրէսի այդ պատժամիջոցներէն՝  իր վարչակազմին թոյլ տալով օգնել նաւթով հարուստ եւ հակահայկական հռետորաբանութեամբ ալիեւեան ռեժիմին»։

«ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կ'ենթադրէ պատասխանատուութիւն, այդ շարքին՝ չզինելու եւ չսատարելու Ատրպէյճանին։ Նախագահ Պայտընի որեւէ գործողութիւն, որ կանաչ լոյս կը վառէ Ալիեւի ռեժիմին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար, կը հակասէ քարոզարշաւի ժամանակ անոր յստակ դիրքորոշման եւ, որ աւելի վատ է, Հայոց ցեղասպանութեան վերջերս անոր ճանաչման ոգիին»,-ըսած է ANCA-ի գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեանը:

Ընդ որում, անցեալ տարուան հոկտեմբերին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ժամանակ, այն ժամանակ նախագահի թեկնածու Պայտընը յայտարարած էր. «Թրամբի վարչակազմը պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ եւ չհրաժարի «Ազատութեան աջակցութեան ակտի» պահանջներէն, որպէսզի դադրեցնէ ռազմական սարքաւորումներու հոսքը Ատրպէյճան»։

«Ազատութեան աջակցութեան ակտի» 907-րդ ուղղումը ԱՄՆ Քոնկրէսը ընդունած է 1992 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման պատճառով եւ կը նախատեսէ Ատրպէյճանին միայն մարդասիրական օգնութեան տրամադրում: Ըստ այդ ուղղման՝ ԱՄՆ կառավարութեան կ'արգիլուի օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի պաշտօնական կառոյցներուն, քանի դեռ այդ երկիրը «ակնյայտ քայլեր չի ձեռնարկեր ՀՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրառման այդ յարձակողական ձեւերու վերացման ուղղութեամբ»։ Սակայն 2002թ․Քոնկրէսը ուղղում կատարեց 907-րդ բաժնին մէջ, որու համաձայն կը թոյլատրուի նախագահի կողմէ ակտի կասեցումը եւ ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որն ալ ամէն տարի կ'ընէ ԱՄՆ նախագահը։