image

«Հալէպահայ յայտնի գործարարները կարծես թէ իրենց ձեռքերը լուացած են Հալէպէն». Յակոբ Նալպանտ

«Հալէպահայ   յայտնի գործարարները կարծես թէ իրենց ձեռքերը  լուացած են Հալէպէն». Յակոբ Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ հրապարակախօս՝  Յակոբ Նալպանտ (Տըլտլեան):

 

 

-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Հալէպի տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը եւ ի՞նչ  են  ժողովուրդին  տնտեսական մտահոգութիւնները:


Սուրիական տասնամեայ պատերազմը շատ բացասականօրէն ազդեց Սուրիոյ ժողովուրդի տնտեսական վիճակին վրայ: Գաղթը, շրջափակումը, ելեկտրականութաեան նուազ մատակարարումը եւ տակաւին  ոչ ամբողջական ապահով վիճակները անպայման իրենց խոր եւ քանդող ազդեցութիւնը կը ձգեն Հալէպի արդիւնաբերական, առեւտրական շուկայի եւ ընդհանրապէս ժողովուրդի կենսամակարդակի եւ գնողունակութեան  վրայ:

 

-Վերջերս շատ կը լսենք սուրիական դրամին դիմաց տոլարի տատանումին,  բարձրացումին մասին, այդ մէկը ինչո՞վ կ'ազդէ ժողովուրդին ապրելակերպին  վրայ:


Այո, Սուրիոյ մէջ տոլարի արժէքի խիստ եւ անկանխատեսելի  տատանումներ  կը գրանցուին, որոնք տնտեսական շուկան եւ գիները կը մղեն դէպի անկայունութեան դուռը եւ կ'արձանագրուին Սուրիոյ ժողովուրդի համար շատ բարձր գնաճի ցուցանիշներ:

 

-Որեւէ յստակ պատճառ մը կա՞յ այս տատանումներուն:


Պատճառները շատ են. առաջինը արեւմտեան երկիրներու Սուրիոյ շրջափակումն է, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան քանակներու կտրուկ նուազումը, փէթրոլի հորերու՝ ամերիկեան հովանաւորութիւնը վայելող քիւրտ անջատողական ուժերու ձեռքը գտնուիլը, որոնցմէ Սուրիոյ կառավարութիւնը չի կրնար օգտուիլ: Այս եւ ուրիշ քաղաքական պատճառներու արդիւնք են տոլարի մեծ տատանումներն ու գնաճի բարձր ցուցանիշները: 

 

-Գիտենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը բաւական մեծ գումարային եւ ոսկիի պահուստներ ունի,  այդ  միջոցներով արդե՞օք  կարելի չէ  դէմը  առնել այս տնտեսական պատերազմին։


Սուրիոյ պետութիւնը իր դէմ ծրագրուած հզօր տնտեսական պատերազմը կրցաւ դիմակայել: Վնասները ահռելի են, ժողովուրդը աղքատացաւ եւ մուտքերը կտրուկ  անկում  կրեցին: Պետութիւնը իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կ'օժանդակէ ժողովուրդին, ըլլայ հացի ցած գինը պահպանելով, ձրի բուժումով եւ անվճար համալսարաններով: Թոշակառուները տակաւին կը ստանան իրենց բաժին հասած ամսականները, որ մեծ գումար չի կազմեր: Կարծէք թէ կառավարութիւնն ու ժողովուրդն ալ սկսած են յարմարոիլ «պատերազմական տնտեսութիւն» հասկացութեան հետ, որ յուսամ շուտով կը փոխարինուի «վերականգնման տնտեսութիւն» եզրոյթով: 

 

-Հալէպահայ     գործարարները   ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր , ի՞նչ մտահոգութիւններ ունին:  Գիտենք, որ  քիչ   չէր  թիւը այն հալէպահայերուն, որոնք    մեծ  ներդրումներ   կատարած  էին   Շէյխ Նաժժարի,  ինչպէս  նաեւ     ճարտարարուեստական  այլ գօտիներու մէջ; Արդեօք անոնք վերադարձի կամ իրենց գործարանները վերաբանալու մասին կը մտածե՞ն, տեղեկութիւններ  ունի՞ք   այդ մասին։


Հայ տնտեսվարողները մեծամասնութեամբ արդէն գաղթած են, մնացած են սակաւաթիւ գործարարներ: Հայերու աշխատանոցները՝ Շէյխ Նաճճարի, Ռամուսէի եւ Շըքայյէֆի մէջ կամ փլած են, կամ ալ թալանուած:   Իմ ունեցած տուեալներով անոնք չեն հետաքրքրուած իրենց գործատեղերու վերականգնմամբ, այլ բոլորը կը սպասեն յարմար առիթը՝  այդ կառոյցները ծախելու եւ Սուրիայէն  ընդմիշտ հեռանալու: Հիասթափութիւնը շատ խոր է եւ անբուժելի: Պատկերաւոր  կերպով ասած եւ իմ տպաւորութեամբ հալէպահայ   գործարարները այսօր   ձեւով մը իրենց ձեռքերը  լուացած են  Հալէպէն։  Փոքր գործատեղիներու վարպետներն ալ ձեւով մը կը շարունակեն իրենց կեանքը, օրուայ հացը վաստակելու նպատակով: