image

Ալիեւ կը շտապէ. Պատճառը յայտնի է Արամ Գաբրիէլովին

Ալիեւ կը շտապէ. Պատճառը յայտնի է Արամ  Գաբրիէլովին

Շատերը ինծի կը հարցնեն՝ ի՞նչ կը կատարուի հիմա Հայաստանի մէջ: Ինչո՞ւ այդպիսի խառնաշփոթ է: Նախ՝ քաղաքական դաշտին մէջ կը խաղայ երեք դերակատար: Հիմնականը Ռուսաստանն է: Երկրորդ խաղացողը՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան: Երրորդը Հայաստանն է։ Այս մասին իր թելեկրամեան ալիքին մէջ գրած է ռուսաստանահայ լրագրող, «Իզվեսթիա» թերթի խմբագրութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արամ Գաբրիէլեանովը։

«Թուրքերը կը հասկնան, որ քիչ ժամանակ ունին եւ կը գործեն «ծեծէ երկաթը, քանի դեռ  Փաշինեանն է» սկզբունքով: Նախագահ Ալիեւը շատ լաւ կը յիշէ Էլչիպէյի ժամանակը: Եւ կը հասկնայ, որ Քոչարեանը շատ արագ կարգի կը բերէ Հայաստանը, կառավարութիւնն ու բանակը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Իլհամի հայրը՝ իշխանութեան վերադառնալէ ետք: Ալիեւը կը հասկնայ Քոչարեանի ուժը: Այդ ան գիտակցած է դեռ երիտասարդութենէն:

Ռուսաստանը, ինչպէս միշտ, մինչեւ վերջ կը ձգէ: Աւելին՝ բաւական շատ ատրպէյճանամէտ ուժեր կան, որոնք կը շրջապատեն Քրեմլը, անոնք, որոնց հաստատ պէտք չէ Քոչարեանի  գալը։ Քրեմլի մէջ Քոչարեանն ունի մէկ ընկեր եւ դաշնակից, որ հենց ինքը Քրեմլն է՝ Փութինը: Ալիեւը կը հասկնայ, որ Փութինը, իր սկզբունքներու համաձայն, երբեք իր ընկերներուն չի դաւաճաներ, ուստի Իլհամը կը շտապէ:

Իսկ յետո՞յ ինչ պիտի ըլլայ։ Փաշինեանը թքած ունի Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին վրայ, ան կը վախնայ այն բացայայտումներէն, որոնք անմիջապէս պիտի յաջորդեն իր իշխանութեան կորուստին: Հետեւաբար, Նիկոլը պիտի դիմէ ամէն ինչի՝ տարածքներ յանձնելու, ամէն ինչի: Մի՛ լսէք անոր բարբաջանքը: Ան ինչպէս կը շնչէ, այնպէս ալ կը ստէ: Հայաստանը մէկ հնարաւորութիւն ունի՝ դիմադրել, ճնշում գործադրել իշխանութիւններու ու Փաշինեանի վրայ, որպէսզի ան չհամարձակի ինչ-որ բան տալ ու ստորագրել: Եւ խաբուած հայերուն բացատրել, որ ազգի ճակատագիրը պիտի որոշուի 20 յունիսին: Ազգ կամ մահ»,– գրած է Գաբրիէլեանովը։