Արմատներով պոլսահայ նկարիչ Վարդենի Մոստիչեան պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն.
-Ինչպէ՞ս սկսաք նկարչութեան:
Ամէն մարդ մանկութենէն կը սկսի նկարել, ու այդ առումով ալ վստահօրէն կ՚ըսեմ, որ ես բնաւ ալ չեմ դադրած նկարելէ ... Նկարչութիւնը իմ էութիւնն է: Նկարչութիւնը իմ աշխարհն է, որու միջոցով ես կ'արտայայտեմ իմ զգացումներս, մտորումներս, յոյզերս ու վերջապէս նկարչութիւնը իմ մէջ եղած ընդհանուր ուժ մըն է:
- Եղա՞ծ է շրջան մը, որ դադրած էք նկարելէ:
Այո, որոշ շրջան մը եղած է, որ դադրած եմ նկարելէ, սակայն նոյնիսկ այդ օրերուն ուժեղ կարօտ մը կը զգայի, ու երբ նկարելու սկսէի շատ հոյակապ զգացմունքներ կ'ունենայի, որ դժուար է բացատրել: Եւ իրապէս ալ իմ մօտ այդպէս է. ընդհատումներով կ'աշխատիմ, սակայն երբ սկսիմ աշխատանքի չեմ դադրիր նկարելէ, շատ ուժեղ փուլերէ կ'անցնիմ, կրկին կը կենամ եւ դարձեալ կը սկսիմ:
- Դուք ծնունդով պոլսահայ էք. այսօր ի՞նչ կայ ձեր մէջ այդ Պոլիսէն:
Պոլիսի հանդէպ շատ անզուսպ կարօտ ունէի երկար տարիներ, այն աստիճան, որ կը զզուեցնէի շուրջիներս Պոլսոյ մասին խօսելով: Պոլսոյ ծովը, ջուրը, ընտանիքս... կարծես թէ Պոլիսը «մերինն» էր, ինչպէս շատ մը հայեր կ'ըսեն: Շատ տարիներ ետք գացի եւ նոյնիսկ այցելեցի Անատոլու՝ Վան, Կարս եւ բնակավայրեր ու նոյնիսկ մասնակցեցայ ցուցահանդէսներու։ Տարիներ անց չուզեցի վերադառնալ իմ ծննդավայրը, որպէս զբօսաշրջիկ, ուզեցի երթալ որպէս նկարիչ։ Եւ առաջին անգամ այդ ժամանակ էր, որ մէջս թալիսմանի գաղափարը ծնաւ. Առաջին թալիսմանը իմ ծննդավայրս՝ Պոլիսն էր, եւ ներկայիս այդ թալիսմանը ՝ Հայաստանն է։ Ամէն կողմ շրջեցայ եւ կարծես ընտանիքիս բոլոր կորուստները՝ մեծ հայրս ու մեծ մայրս վերյիշեցի ու առանց իրենց գերեզմանները երթալու մտովին ապրեցայ այդ անցեալը...: Սակայն, պիտի ըսեմ, որ դժբախտաբար, Պոլիսը շատ փոխուած էր եւ շատ յուսախաբութիւն ապրեցայ, շատ հիասթափուեցայ... Պոլիսը իմ Պոլիսս չէր այլեւս:
- Քանի՞ տարի ետք վերադարձաք Պոլիս:
Երեսուն տարի ետք այցելեցի Պոլիս, իսկ յաջորդ այցելութիւնս 2011 թուին էր: Սակայն Պոլիսը մէջս կ'ապրէր, յաճախ Թէքէեանի Պոլսոյ մասին գրածները կը կարդայի եւ երիտասարդութեանս ալ բարձրաձայն այդ բանաստեղծութիւնները կ'ասմունքէի: Սակայն, ինչպէս որ ըսի, շատ փոխուած էր Պոլիսը: Փոխուած էր ժողովուրդը, գեղագիտական արժէքները եւ ընդհանուր քաղաքականութիւնը. շատ ազնիւ մարդիկ այսօր բանտերու մէջ են, խօսքի ազատութիւն չկայ, վախ կայ, ինչպէս միշտ կար...: Եթէ շունչ մը կ'ուզես քաշել պէտք է գաղտնի անկիւններ ունենաս, որ կարենաս փախուստի դիմել, սակայն ես այդ անձը չեմ, որ կարողանամ այդ ձեւով ապրիլ։ Պոլսոյ մէջ ե'ւ ժողովուրդը ճնշուած է ե'ւ ընդհանուր վիճակը շատ ճնշիչ է: Անատոլուէն (Արեւմտահայաստանէն խմբ. «Արեւելք») Պոլիս հասած ու լեցուած են ահագին մարդիկ, որոնք Անատոլուի մէջ ընելիք չունին եւ Պոլիս եկած են: Հայկական թաղամասերը չեն նորոգուած, կարծես թէ լքուած են::
- Հետաքրքրական վիճակ մըն է ասիկա, որուն շատ յաճախ կը դիմէ մեր մտաւորականութիւնն ալ, օրինակ հրապարակախօսներէն շատեր, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կ'ապրին, կ՚անտեսեն Պոլսոյ այսօրուան իրականութիւնը եւ միշտ համեմատականներ կ՚ընեն անցեալին հետ։ Տակաւին հանդէս կու գան թելադրողի դերով, այդ մէկն արդեօք իրականութենէն փախուստ մը չէ՞։
Լիովին կը հասկնամ ձեր բարձրացուցած հարցը եւ այդ վիճակը փարատելու համար ես իմ անցեալը կ՚ուզեմ Հայաստանի մէջ ապրիլ ... վերագտնել ու տեսնել ... Այլ խօսքով իմ արուեստս հոս՝ Հայաստանի մէջ կը ներկայացնեմ, ճիշդ է, որ հոս ծով չունիմ եւ Պոլսոյ աղի ջուրը չունիմ... ու հաւանաբար ատիկայ կարօտի զգացումն է։ Երբ բարձր դիրքերէ, բարձունքներէ մեր երկիրը կը զննեմ, կարծես Պոլսոյ բարձրունքներէն է, որ կը նայիմ եւ ամէն կողմ ծովը կը տեսնեմ ... Տակաւին որոշ թաղամասեր, որոշ տեղեր կան, ուր Պոլսոյ հոտը կը զգամ։ Իմ կարծիքով այս փորձառութիւնը հոյակապ է եւ այդ փորձառութիւնը չէ մեռած այլ պիտի բալիմսեսթի նման հարստանայ եւ շարունակուի Հայաստանին մէջ:
- Ի՞նչ կը նշանակէ Բալիմսեսթ:
Բալիմսեսթը եղելութիւն մըն է, որ ժամանակին մագաղաթի վրայ կը գրէին եւ շատ արժէքաւոր էր, որուն վրայ բոլոր աղօթքները՝ Բիւզանդիայէն սկսեալ, ամբողջ բալիմսեսնթերու վրայ կը գրուէր: Հետեւաբար ես խորհրդանշական ձեւով այդ փոխաբերութիւնը կը գործածեմ, ըսելով որ բալիմսեսթը մեր կեանքի տարբեր խաւերն են .... Առաջին անգամ ծնաւ այս գաղափարը մեծ հայրիկիս նամակներէն, որ չեմ կրնար մոռնալ: Ան դիզուած նամակներ ունէր, վրան պատկերներով, տրցակներով տեղադրած էր գզրոցի մը մէջ եւ բանալի մը ունէր: Այդ նամակները տրցակ-տրցակ կը հանէր, կը կարդար ժամերով, ետ կը դնէր, ես ալ շատ կ'ուզէի տեսնել այդ նամակները, սակայն ան թոյլ չէր ... Աւելի ուշ այդ նամակագրութիւնը դադրեցաւ, որովհետեւ հասցէատէրերը մահացան։ Շատ տպաւորուած եմ այդ նամակներուն ընթերցումով, որ նման էր արարողութեան եւ այդ նամակները ես բարիմսեսթի կը նմանցնեմ: Ես այս բոլորը հաւաքած եմ, որովհետեւ ձեռագիրը արդէն ժամանակի ընթացքին կ'անհետանայ: Իմ փափաքս է կազմակերպել ցուցահանդէս եւ այդ ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ ուրիշ ձեռագիրներ ալ ցուցադրել:
- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր գործերը, ո՞ր դպրոցի հետեւորդ էք։
Ես որեւէ մարդու բան մը պարտադրել չեմ սիրեր, անոր համար ալ նկարագրումէն կըխուսափիմ: Երիտասարդ օրերուս, երբ նկարագրումը նոր կը սորվէի կ'իրագործէի, սակայն ընդհանուր առմամբ չեմ ուզեր ճնշել եւ կաղապարել: Կ'ուզեմ որ դիտողը ազատութիւն ունենայ, նկարը շնչէ: Եւ այդ ազատութիւնը զգացի Հայաստանի մէջ... Հոս խենթանալիք ազատութիւն մը կայ, շնչող պատմութիւն կայ, որուն ականատես կ՚ըլլաս ամէն քայլափոխի ...։ Երբ այդ վանքերը կը մտնես, ուժ մը կը զգաս, այդ լեռները մագլցիլը հոյակապ է, որովհետեւ հոն է Հայաստանը, այդ է Հայաստանի հոտը, այնտեղի շունչն է, այնտեղի ժողովուրդն է: Օրինակ երբ Սանահին գացի մարդիկ ըսին Սանահինը մութ է, բան մը չկայ, ինչու կ'երթաս... սակայն Սանահինի մէջ տագնապեցայ, որովհետեւ Անին եւ Այասոֆիան զգացի: Եւ յետոյ հասկցայ, որ նոյն Տրդատ ճարտարապետը նորոգած է Սանահինը: Ես տեղեակ չէի, բայց զգացի, նոյնիսկ չէի գիտեր, որ Սայեաթ Նովան հոն մեծցած է...
- Կարողացած է՞ք ձեր արուեստով գումար վաստակիլ։
Նկարչութիւնը ինծի համար փող շահելու ասպարէզ մը չէ, որովհետեւ մանկութենէս սկսեալ իմ էութեանս մաս կը կազմած է ու հաւանաբար այդ պատճառով է, որ ես արուեստը դրամ շահելու միջոց չեմ համարած։ Կը նկարեմ, որովհետեւ կը սիրեմ եւ ոչ թէ այն մօտեցումով, որ արդեօք այս կտաւը պիտի կարողանամ վաճառել: Սակայն այս ըսել չէ, որ բնաւ չեմ վաճառած ... յաճախ ալ վաճառած եմ բարձր գիներով: Հետեւաբար ես ժամանակի տագնապ չունիմ: Ինծի համար ժամանակը շինծու հասկացողութիւն է, ժամանակը պարապութիւնը կարգաւորելու միջոց է: Ինծի համար ժամանակը տուեալ վայրկեանին իմ տեսած գոյներս են, որ իմ գործերուս մէջ կ'արտացոլան: Սակայն առաւել մեծ ուրախութիւն է Հայասատանի մէջ նկարել։ Երեւան եղած օրերուս արուեստանոց կ'երթայի մինչեւ լուսաբաց եւ կը նկարէի եւ այդ ինծի համար շատ մեծ հոգեկան հրճուանք կը հանդիսանար ....։
- Շատեր կ՚ըսեն, որ Հայաստանի զարգացումները դարձան առաջնային եւ Արեւմտահայութիւնը մոռցաւ իր դատը, կամ ստիպուած եղաւ պահ մը մէկդի դնել այդ դատը։ Համաձայն է՞ք այս մօտեցումին. Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։
Չեմ կարծեր, որ մոռնանք: Ես չեմ կարծեր, որ հեռացանք, որովհետեւ Հայաստանն ու Արցախն ալ հայ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր են։ Արցախը այսօրուան մեր պայքարի իրական ուղեցոյցն է եւ առաջին անգամն է, որ մենք Արցախի մէջ կարողացանք հպարտ ճակատներով աշխարհին ներկայանալ: Հակառակ անոր, որ ես դեմ եմ պատերազմներու ու կը հաւատամ, որ ոչ մէկ հայ երիտասարդի արիւնը պէտք է թափուի, սակայն երբ որ Արցախը մէջ մեր ժողովուրդի որդեգրած հերոսական կեցուածքը ցոյց տուաւ, որ մեզի համար փրկութիւնը կու գայ միայն սեփական բազուկով ու սեփական կամքով։
- Շուրջ տարի ու կէս անցած է Հայաստանի վերջին զարգացումներէն. Խօսքը «Թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին է. Այսօր դուք լաւատես է՞ք:
Դէպքերուն կը հետեւէի խենթի պէս եւ սարսափի մէջ էի, կը վախնայի, սակայն շատ զարմանալի էր յանկարծակի հրաժեշտը այպիսի ուժեղ մարդու մը, երբեք չէի սպասեր: Սակայն ներկայիս շատ լաւատես եմ: Ես դառնութեան չեմ հաւատար, դառնութիւնը մահ է ինծի համար: Քննադատութեան կը հաւատամ, վէճ, վիճաբանութիւն, տարակարծութիւն՝ ասոնք բոլորը շատ կաեւոր են, սակայն ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ լաւատես է եւ յոյսով է: Շատեր ալ կ'ըսեն տակաւին փոփոխութիւն մը չտեսանք, տակաւին նոյն թոշակն է, տակաւին հիւանդանոց չենք կրնար երթալ եւ այլն, բայց այս բոլորը անշուշտ շատ արագ չեն կրնար կատարելագործուիլ, ժամանակ պէտք է: Ես յոյսով եմ, որովհետեւ ահագին երիտասարդութիւն ոտքի ելաւ եւ այդ երիտասարդութիւնը յաջողեցաւ հասնիլ իր նապատակին։Սակայն պիտի ըսեմ, որ տակաւին մենք երեխայ ենք, Հայաստանը իր դարերու պատմութեամբ երեխայ է այսօր...:
Լուսանկարին մէջ նկարչուհին՝ իր երկու դուստրերուն հետ